Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանը Հանդիպած է Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Ամերիկայի Հայ Դատի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Լին Թրէյսիի հետ, որ շուտով կը սկսի իր առաքելութիւնը Երեւանի մէջ:
«Մենք ոգեւորուած էինք դեսպան Թրէյսիի հետ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումին վերաբերող մեր կառուցողական քննարկումներով եւ մենք, իբրեւ հայ ամերիկացիներ, անհամբերութեամբ կը սպասենք դեսպանին ու անոր աշխատակազմին հետ աշխատիլ՝ առաջ մղելու համար մեր ընդհանուր նպատակները»,- ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։