Պոլսոյ Մէջ Մաբեթ Փողոցը Կրկին Պիտի Անուանուի Տատեան Փողոց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/02/unnamed_1.jpg)
Պոլսոյ Պաքըրքէոյ շրջանի համայնքապետարանը տեղի բնակչութեան պահանջով միաձայն որոշած է Մաբեթ փողոցը վերանուանել Տատեան փողոց: Որոշումը պիտի իրագործուի Փետրուար 5-ին, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը։
Պաքըրքէոյի շրջանի Զեյինլիք թաղամասի Մաբեթ փողոցին մէջ, ուր կը գտնուին հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Տատեան հայկական վարժարանը, «Տատեան» անունը կրող ցուցատախտակ պիտի տեղադրուի:
Պաքըրքէոյի համայնքապետ Պիւլենթ Քերիմօղլուն յիշեցուցած է, որ Յովհաննէս Տատեան Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ հիմնած է Պէյքոզի թուղթի գործարանը, Էյուպի, Իզմիթի, Հերեքէյի հիւսուածեղէնի գործարանները, Զէյթինպուրնուի դարբնոցը:
«Պաքըրքէոյի մեր քաղաքացիներու պահանջով եւ Պաքըրքէոյի համայնքապետարանին կողմէ միաձայն ընդունուած որոշումին համաձայն վաղը Մաբեթ փողոցը պիտի վերանուանուի Տատեան փողոց»,- յայտարարած է Քերիմօղլուն:
Յիշեցնենք, որ նախապէս նշուած փողոցը Պաքըրքէոյի համայնքապետարանի որոշումով անուանուած էր Տատեան փողոց, սակայն որոշումը այնուհետեւ չեղեալ յայտարարուած էր, քանի որ Պոլսոյ քաղաքապետարանը չէր վաւերացուցած զայն