Արցախի «Գանձասար» Խումբի Ելոյթը Իրանի ՄԷջ

Փետրուար 1-ին Թեհրանի Հայ մարզամշակութային «Նայիրի» միութեան «Սուքերեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Արցախէն հրաւիրուած «Գանձասար» խումբը:

«Հայերն այսօր»-ը,յղում կատարելով «Ալիք» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ «Սուքերեան» սրահին մէջ խումբին ելոյթը, երգչուհի Մատլէն Ասերեան, քամանչահար Յակոբ Խալաթեան, թառահար Լեւոն Սարդարեան եւ տհոլահար Մայրիկ Գաբրիէլեան, իրանահայերու բուռն ընդունելութեան  արժանացած է:

Scroll Up