Մեծարանքի Երեկոյ Նուիրուած Իրանահայ Ազգային-Հասարակական Գործիչ Լեւոն Ահարոնեանին

Թեհրանի «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահը յունուար 31-ին բազմամարդ էր. համախմբուած էին ո՛չ միայն իրանահայ համայնքի, այլ նաեւ Իրանի պետական շրջանակներու ներկայացուցիչները` մասնակից դառնալու իրանահայ ազգային-հասարակական գործիչ, բարերար Լեւոն Ահարոնեանի մեծարման հանդիսութեան:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Ալիք» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ «Ալիք» հաստատութեան կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիսութեան, որն ի դէպ յագեցած էր նաեւ գեղարուեստական յայտագրով, համայնքի ազգային-հասարակական եւ պետական շրջանակներու ներկայացուցիչներն իրենց ելոյթներուն ընթացքին վեր հանեցին Լեւոն Ահարոնեանի հարուստ եւ բեղուն կենսագրութենէն այնպիսի տուեալներ, որոնց միջոցով կը ներկայացուէր Թեհրանի հայկական համայնքի 40 տարիներու պատմական անցեալը, որուն հիմքն Իրանի տնտեսական վերելքին եւ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններուն առնչուող թեմաներն էին:

Յոբելեարի 50-ամեայ բազմաբեղուն կենսագրութիւնը ներկայացնող տեսաֆիլմի ցուցադրութենէն յետոյ հրաւիրուեցաւ իր խօսքը փոխանցելու Լեւոն Ահարոնեան, որ վեր հանեց իր ժամանակի ատենապետութեամբ Թեհրանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի շրջանէն այնպիսի դրուագներ, որոնք իրենց ուրոյն տեղը կը զբաղեցնեն համայնքի պատմական կեանքին մէջ: Հաղորդավար Արտոյտ Զոհրաբեանի միջոցով հրաւիրուեցան յոբելեարին իրենց խօսքը փոխանցելու անոր հետ գործակցած, Թեհրանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ժամանակի ատենապետ Այտա Յովհաննիսեան, Իսլամական խորհրդարանի Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան տուեալ ժամանակի պատգամաւոր Վարդան Վարդանեան, Իրանի մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան կրօնական փոքրամասնութիւններու հիմնարկի պատասխանատու Սայիտ Թաղաւին, Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, Թեհրանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռոպերթ Պեգլարեան, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Սուրիկ Աբնուսեան: Եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Գեղարուեստական յայտագրին մէջ ելոյթով հանդէս եկաւ Արցախէն հրաւիրուած «Գանձասար» խումբը, դաշնամուրային կատարումներ ներկայացուց Արփինէ Իսրայէլեան, իսկ երգչախմբային կատարումով «Հայ կին» միութեան կից գործող «Անահիտ» միութեան «Զուարթնոց» երգչախումբը` Էդիկ Թամրազեանի ղեկավարութեամբ:

Աւարտին յոբելեարին յանձնուեցան յուշանուէրներ` «Ալիք» հաստատութեան, Թեմական խորհուրդի, Իրանի մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան, Իրան-Հայաստան Առեւտրի պալատին կողմէ: Ներկաներուն տրամադրուեցաւ նաեւ «Ալիք» հաստատութեան միջոցով պատրաստուած ալպոմ-գրքոյկը, որ կը ներկայացնէր 90-ամեայ յոբելեարի ազգային-հասարակական եւ բարեսիրական գործունէութիւնը:

Scroll Up