Ս.Փեթերզպուրկի Մէջ Հայոց Բանակի Կազմաւորման 27-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ Իրականացած է
Ս. Փեթերզպուրկի մէջ, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, հայ համայնքի հետ համատեղ, հանդիսաւորութեամբ նշած է Հայոց բանակի կազմաւորման 27-րդ տարեդարձը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Ս. Փեթերզպուրկի Սբ. Կատարինէ եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութիւն կատարուած է նուիրուած Հայոց բանակի կազմաւորման 27-ամեակին, այնուհետեւ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցած են Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը, Ս. Փեթերզպուրկի զինուորական ակադեմիաներուն մէջ ուսանող ՀՀ ունկնդիրներու ազգային խումբի ղեկավար Արթուր Բարսեղեանը, Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ուսանող ՀՀ սպաներ, ազատամարտիկներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ ռուսական բանակի սպաներ:
Ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան: