Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով Ընդունելութիւն Կազմակերպած է

Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Յունուար 28-ին, մասնակցած է Հայոց բանակի օրուան առիթով Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Եաաուպ Սարրաֆի (Yacoub Sarraf) կազմակերպած ընդունելութեան, որուն մասնակցած են պաշտպանական գերատեսչութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Ընդունելութեան յաջորդեց ընթրիք, որ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարը կազմակերպած էր ի պատիւ ՀՀ դեսպանի: Ընթրիքին կը մասնակցէին նաեւ Պէյրութի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը դեսպաններ, Լիբանանի մէջ UNIFIL-ի՝ ՄԱԿ խաղաղապահ առաքելութեան, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած է նաեւ հայկական զօրախումբ, ղեկավար զօրավար Սթեֆանօ Տէլ Գոլը (Stefano Del Col):

Ընդունելութեան ընթացքին ՀՀ դեսպանը ներկայացուց Լիբանանի մէջ ՀՀ նորանշանակ ռազմական կցորդը»:

Scroll Up