Աւստրիոյ Հայկական Դպրոցի Սաներու Նուէրը Վանաձորի Մանկատան Երեխաներուն

Աւստրիոյ Իննսպրուկ քաղաքի հայկական համայնքի (նախագահ` Թամարա Պաղտասարեան)  հայ կանանց նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ  բարեգործական  հերթական ծրագիրը:

Իննսպրուկի հայկական մէկօրեայ դպրոցի սաներն ամանորեայ նուէրներ  պատրաստած էին  «Վանաձորի մանկատուն» ՊՈԱԿ-ի  35 երեխայի համար: «Նման ձեռնարկներու նպատակը Սփիւռք ապրող հայ երեխաներու բարոյական դաստիարակութիւնն է, անոնց մէջ մարդասիրութեան, բարութեան, համախմբուածութեան, ընկերասիրութեան զարգացումն ու խորացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստան ապրող երեխաներուն հետ կապ հաստատելու, անոնց ժպիտ պարգեւելու ցանկութեան ձեւաւորումն ու ամրապնդումը»-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսած է Թամարա Պաղտասարեան:

Փետրուար 30-ին Իննսպրուկ քաղաքի մէկօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի Վարդուհի Խալափեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները, նախարարութեան աշխատակազմի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատար Երեմ Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Վանաձորի մանկատուն: Անոնք նախ շրջայց կատարեցին  հաստատութեան շէնքին մէջ` ծանօթանալով երեխաներու կենցաղային պայմաններուն եւ առօրեային:

Այնուհետեւ դահլիճին մէջ հիւրերը դիմաւորեցին մանկատան սաները` ողջունելով անոնց համերգային գեղեցիկ ծրագիրով: Աւարտին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան մանկատան տնօրէն Մարինէ Դաւթեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատար Երեմ Սիմոնեան:

Աւարտին մանկատան սաներուն յանձնուեցան նուէրները:

Scroll Up