Կարօ Փայլանի հանդիպումը լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ

Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, հայազգի Կարօ Փայլան հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ, Հայկազեան համալսարանի մէջ:
Կարօ Փայլան ներկայացուց Թուրքիոյ իրավիճակը՝ ներքին եւ արտաքին զարգացումներու լոյսին տակ, կեդրոնանալով Թուրքիոյ հայութեան եւփոքրամասնութիւններուն սպառնացող վտանգներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցին զարգացումներուն:
Փայլան շեշտեց, թէ Թուրլքիա կը խուսափի առերեսուելու իր անցեալին հետ: Անոր կարծիքով, Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ամրապանդումը հիմք կրնայ ծառայել արդարութեան հաստատման եւ բազմաթիւ անլոյծ հարցերու լուծման:
Ապա տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, որուն ընթացքին Կարօ Փայլան յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տուաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հարցումներուն:

Scroll Up