Պեվըրլի Հիլզի Քաղաքապետական Խորհուրդը Կը Մեծարէ վարպետ դերձակ Անդօ Սեփեթճեանը

Ասպարէզ- Պեվըրլի Հիլզի քաղաքապետական խորհուրդը 8 Յունուարին տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին իր «Գործարարութեան ժառանգութիւն» մրցանակով մեծարեց այս տարի քաղաքին մէջ իր գործունէութեան 40ամեակը նշող «Անդօ Պեվըրլի Հիլզ»ի սեփականատէր եւ վարպետ դերձակ Անդօ Սեփեթճեանը, որ շապկագործութեան իր ասպարէզը Լիբանանի մէջ սկսած էր 1955ին։ Ան 1976ին Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած է, նախ Ֆրեզնօ հաստատուելով, իսկ երկու տարի ետք Պեվըրլի Հիլզ փոխադրուած է։