Ախալքալաքի Պուղաշէն Գիւղին Մէջ Կատարուեցաւ Ազատամարտիկ Միքայէլ Աւագեանի Կիսանդրիին Բացումը

Յունուար 20-ին, Ախալքալաքի շրջանի Պուղաշէն գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկ Միքայէլ Աւագեանի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը։

Ըստ Akhaltskha.net-ի՝ կիսանդրիի բացման արարողութենէն ետք ներկայացուեցան հայկական ու վրացական երգերու եւ պարերու կատարումներ, ինչպէս նաեւ հնչեցին բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ:

Միքայէլ Աւագեանի կիսանդրիի բացման ելոյթ ունեցաւ զոհուած ազատամարտիկին կինը:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան, դեսպանատան դիւանագէտներ, շրջանի ղեկավարութիւնը, ազատամարտիկ Սամուէլ Պետրոսեանը, Բաբակեն Գազանճան, Գրիգոր Քերոբեանը, Անդրանիկ Գրիգորեանը եւ զոհուած ազատամարտիկի հարազատները:

  

Լուսանկարները Վրաստանի Մէջ ՀՀ դեսպանութեան պաշտօնական էջէն

Scroll Up