Սերգէյ Փարաջանովի Անուան Մրցանակաբաշխութիւն Վրաստանի ՄԷջ

Վիրահայերու միութեան նախաձեռնութեամբ Վրաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան ազգային արխիւի ֆիլմի սրահին մէջ յունուար 15-ին տեղի ունեցաւ Սերգէյ Փարաջանովի անուան աւանդական մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Վիրահայերու միութեան ղեկավար Մարի Առաքելովան, 2018 թուականի դեկտեմբերին յայտարարուած էր Փարաջանովի անուան ստեղծագործական մրցոյթի մեկնարկը եւ ընտրուած էր 19 մասնակից: Ժիւրիի որոշմամբ յաղթող ճանչցուած է Սոփիոյ Քիզիղուրաշուիլին` «Մետուզաներու պարը» աշխատանքը, երկրորդ տեղը գրաւած է Իւլա Չադունելին` «Պոէտի մուսան» եւ երրորդ տեղը` Հրաչիկ Մերիշաւեան` «Փարաջանովի թռիչքը դէպի անհուն» աշխատանքներուն համար:
Հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ ցուցադրուած է Փարաջանովի «Արաբեսկներ Փիրոսմանիի թեմաներով» ֆիլմը: Ձեռնարկը ներկայ գտնուած է Վրաստանի մէջ Ուքրանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իգոր Տալկովը, առաջին խորհրդական Թաթեանա Կովպակը, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան առաջին խորհրդական Արթուր Սարգսեան, Վրաստանի խորհրդարանի անդամ Ռուսլան Պօղոսեան, Հայաստանէն` Իտա Մարութեան, Երեւանի Երիտասարդական կեդրոնի ղեկավար Նարէ Արամեան, նկարիչ Գագիկ Դիլաքեան` Նիւ-Եորքէն, որն իր աշխատանքը նուիրաբերեց մրցոյթին:
Ներկայ էր նաեւ ձեռնարկին ցուցադրուած ֆիլմի ձայնային համակարգող Միխայիլ Ինասարիձեն:
Վիրահայերու միութիւնն առանձնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վրաստանի ազգային արխիւին` համագործակցութեան եւ աջակցութեան համար, Վրաստանի նկարչական ակադեմիային, Իլիայի Պետ համալսարանին եւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան: