«Նուվէլ տ՚Արմէնի»-ի գրական մրցանակներու յանձնումի արարողութիւնը

Նոր Յառաջ- Երեքշաբթի, Յունուար 15-ի երեկոյեան, Իլ-տը-Ֆրանսի Շրջանային խորհուրդի դահլիճին մէջ (Փարիզ) շուրջ 200 հոգիի ներկայութեան տեղի ունեցաւ «Նուվէլ տ՚Արմէնի Մակազին»-ի(NAM) գրական մրցանակներու յանձնումի արարողութիւնը, առաջին տարին ըլլալով:
Գրողներէ, լրագրողներէ, համալսարանականներէ եւ արուեստագէտներէ բաղկացած դատակազմը նախօրօք (Յունուար 8-ին) ընտրած էր յաղթականները:
Ձեռնարկը լայն զօրակցութիւնը վայելած ըլլալով Իլ-տը-Ֆրանսի Շրջանային խորհուրդին՝ բնականաբար անոր փոխնախագահը՝ Փաթրիք Քարամ արտասանեց բացման խօսքը: “Գրողներու խօսքին կարիքն ունինք՝ բարձրացնելու համար խիղճերը”, ըսաւ ան: Շրջանի նախագահուհի Վալերի Փեքրես ներկայ չէր կրցած ըլլալ, բայց ղրկած էր ուղերձ մը, ուր բոլորին կը յայտնէր իր բարեմաղթութիւնները Նոր տարուան առթիւ եւ երկար կեանք կը մաղթէր այս նախաձեռնութեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ NAM-ի տնօրէն Արա Թորանեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրահին մէջ ներկայ բոլոր հեղինակներուն, նաեւ՝ դատակազմի անդամներուն, որոնք ջանք չէին խնայած ձեռնարկին յաջողութեան համար:
Ապա, նախ Լիւսիլ Շմիթ՝ գրական ակնարկներու (essais) անուանակարգի յաղթական Պերնար-Հանրի Լեւիին յանձնեց մրցանակը, իր «Հինգ արքաներու կայսրութիւնը» («L’Empire des 5 rois») գործին համար:
Երկրորդ անուանակարգի մրցանակը յանձնելու համար բեմին վրայ տեղ գրաւեց թուրք այլախոհ պատմաբան Համիթ Պոզարսլան, որ սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց պատճառները «Պատմական գործեր»-ու անուանակարգին մէջ դատակազմի կատարած ընտրութեան, որ Գլօտ Մութաֆեանի՝ «Ասք Հայոց մասին՝ Արարատէն Կարպատներ» («La saga des Arméniens de l’Ararat aux Carpates») աշխատասիրութիւնն էր, արդէն ծանօթ՝ ընթերցողներուս: Պոզարսլան բանբերը հանդիսանալով դատակազմին՝ ըսաւ, թէ ան այս գործը ընտրած է մտածելով, որ այս երկը«ուղեցոյց մըն է մեկնելու համար դէպի քիչ յայտնաբերուած նոր ուղիներ»:
Կարգը եկած էր երրորդ՝ պատկերաշարերու (bande dessinée) անուանակարգին: Լրագրողուհի Վալերի Թորանեանի եւ երաժիշտ Անտրէ Մանուկեանի ներկայութեան՝ քննադատ Լօռան Մելիքեան թուրք հեղինակ Էրսին Քարապուլութի մրցանակը յանձնեց անոր հրատարակիչ Գլեման Արկուարշին: Քարապուլութ չէր կրցած ներկայ ըլլալ՝ Էրտողանի վարչակարգին դէմ դատին պատրաստութեան պատճառով: Մրցանակի արժանացած գործին տիտղոսն է «Համակերպած (յուսալքուածի իմաստով – «ՆՅ») հասարակութեան մը սովորական հէքեաթներ» («Contes ordinaires d’une société résignée»): Ի բացակայութեան հեղինակին՝ Լօռան Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն, «լոյսը փնտռելուն եւ մշակոյթներու միջեւ կամուրջ մը հաստատելուն» համար:
Հուսկ, լրագրող Փաթրիք Քէշիշեան յայտարարեց «վէպ» անուանակարգի մրցանակակիրը, որ լայնօրէն Տինքի կեանքէն ներշնչուած «Ակօս» («Le Sillon») վէպի հեղինակ, «Ռընոտո»-յի դափնեկիր Վալերի Մանթօն էր: Վերջինս բանական պատճառներով չէր կրցած գալ Մարսիլիայէն:
Մրցանակներու տուչութեան արարողութեան յաջորդեց վիճարկում մը «Հայերը՝ 2.0, նոր մարտահրաւէրներ, նոր զօրակցութիւններ» բնաբանով:
Թ. Շ.
Scroll Up