Արմէն Սարգսեան Ապու Տապիի Մէջ Հանդիպած է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝  այցելած են Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցի։

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ անոնք ծաղիկներ դրած են եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւէրժացնող խաչքարին եւ յարգանքի տուրք մատուցած անմեղ զոհերու յիշատակին:

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գոհաբանական աղօթքէն ետք՝ Հայաստանի նախագահը «Արա Խանոյեան» կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ հանդիպած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

«Մէկ տեղ հաւաքուած է ամէն ինչ՝ հայկական պետականութիւնն իր դրօշով եւ զինանշանով, հայ առաքելական եկեղեցին եւ, ի հարկէ, մեր ապագան՝ դպրոցը,- ըսած է նախագահ Սարգսեան` շնորհակալութիւն յայտնելով հայ համայնքին միասնականութեան, նուիրուածութեան, հայրենասիրութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան համար։

«Պիտի ուզէի ձեր հետ միասին ապրիլ այն օրը, երբ մենք պիտի մոռնանք «սփիւռք» բառը ու բոլորս հայաստանցի ըլլանք։ Մեր բոլորի կիզակէտը ի վերջոյ հայրենիքն է, սակայն կ՝ուզեմ ձեր հետ կիսուիլ նաեւ այլ մտքով մը։ Այն փաստը, որ մենք կ՝ապրինք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, սփռուած ենք աշխարհի տարբեր մասերու մէջ, հաւանաբար ոչ թէ թերութիւն է, այլ ընդհակառակը՝ առաւելութիւն է, որովհետեւ մենք աշխարհի այն քիչ ժողովուրդներէն ենք, որոնք կրնան շատ յստակ ըսել, որ մենք փոքր պետութիւն ենք կամ նոյնիսկ ունինք փոքր երկու պետութիւն, բայց համաշխարհային ազգ ենք` իրար հետ շատ սերտ կապուած։ Մենք ստեղծած ենք 21-րդ դարու փոքրիկ տիպարը, որովհետեւ 21-րդ դարուն ամբողջ աշխարհը, ողջ աշխարհի բնակչութիւնը, անկախ անկէ, թէ ուր կ՝ապրի՝ Աւստրալիայէն մինչեւ Ռուսիա, Եւրոպայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, պիտի ապրի իբրեւ մէկ ընդհանուր ընտանիք՝ մարդկութեան ընտանիք: Աշխարհը հետզհետէ կը փոքրանայ, քանի որ բնակչութիւնը կը մեծնայ: Կը փոքրանայ, որովհետեւ բոլորս իրար հետ կապուած ենք: Կը փոքրանայ, որովհետեւ եթէ քսան տարի առաջ մէկը ըսէր, որ Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենան փոփոխութիւններ, զարգացումներ եւ դուք կրնաք նոյնիսկ հեռուէն ըլլալ անոր մասնակիցը, հաւանաբար ձեզմէ շատեր ըսէին, որ հնարաւոր չէ։ Եւ ահա, ընդամէնը քսան տարի անց, այդ ամէնը հնարաւոր է։

Այս հնարաւորութիւնը բոլորիս թոյլ կու տայ մտածելու, որ մեր մասնակցութիւնը Հայաստանին այսօր շատ աւելի խորն է, եւ հնարաւորութիւնները շատ աւելի մեծ են։ Մենք ոչ միայն հոգիով, սրտով, հաւատքով հայրենիքի հետ ենք, ձեզմէ իւրաքանչիւրը նաեւ ֆիզիքապէս կապուած է հայրենիքի հետ։ Ֆիզիքական կապը հաւանաբար համացանցային, վերացական կապ է, բայց շատ էական է։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած մեծ փոփոխութիւններու, այն է՝ թաւշեայ յեղափոխութեան կամ հայկական ձեւով յեղափոխութեան մասնակիցները միայն ՀՀ քաղաքացիները կամ Երեւանի փողոցներուն մէջ գտնուողները չէին, յեղափոխութեան իրադարձութիւններուն կը մասնակցէին շատ շատերը։ Իմաստով մը մեր ողջ ժողովուրդը՝ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Եւրոպա ու Միջին Արեւելք, կ՝ապրի հայրենիքի վիճակով, հայրենիքի մէջ կատարուող իրադարձութիւններով ու, ընդհանրապէս, հայրենիքով։

Ես կը կարծեմ, որ մեր ազգը 21-րդ դարու ազգ է, որովհետեւ 21-րդ դարուն շատ արժէքներ պիտի փոխուին, 21-րդ դարուն հզօր պիտի ըլլայ ոչ թէ այն ազգը կամ պետութիւնը, որ պիտի ունենայ շատ մեծ բնական հարստութիւն, այլ այն ազգը, որ պիտի կարենայ փոքր տարածքի վրայ փոքր ուժերը միաւորել, այն ազգը, որ պիտի կարենայ իր մտաւոր ունակութիւնները ի մի բերել, ծառայեցնել հայրենիքին։ Կը կարծեմ՝ այս բոլորը մենք ունինք, աւելին, ես կը հաւատամ, որ մենք Աստուծոյ ընտրեալ ազգ ենք։ Մենք ազգ ենք, որ Աստուծոյ ընտրութեամբ անցած է ամենաանհնարին փորձութիւններու մէջէն, տեսած աշխարհի վատթարագոյն դժոխքը՝ Եղեռնը: Բայց այսօր ոչ միայն կանք, ոչ միայն գոյութիւն ունինք, այլեւ ուժեղ ենք, հզօր։ Մենք յաղթող ժողովուրդ ենք։ Յաջորդ յաղթանակները մեր առջեւ են, եւ այդ յաղթանակները պիտի ըլլան ոչ միայն ռազմի դաշտին վրայ, այլեւ մեր ազգային շահերու, պետականութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ։

Այս երեք-չորս օրուան ընթացքին՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ իմ իւրաքանչիւր հանդիպման ընթացքին ես մէկ գնահատական լսած եմ հայերու մասին՝ ազնիւ, աշխատասէր, նուիրեալ, բարի, հայրենասէր մարդիկ, որոնք այսօր սփռուած ըլլալով աշխարհով մէջ, աշխարհի բոլոր կէտերէն կրնան հայրենիք բերել իրենց գիտելիքը, հնարաւորութիւնները, կապերը, ցանկութիւնն ու աշխատանքը։

Մենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ ենք եւ յաղթելէ ու յաջողելէ բացի այլ ճանապարհ չունինք»:

Հայաստանի նախագահը անհրաժեշտ համարած է, որ բոլորս միասին, համախմբուած ծառայենք մեր ընդհանուր նպատակին, մեր հայրենիքին, մեր ժողովուրդին, աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին։ «Դուք, ձեր ծնողները, ձեր ծնողներուն ծնողները ծնած են Հայաստանի մէջ։ Հետեւաբար, բոլորդ հայաստանցի էք, որ ժամանակաւորապէս կ՝ապրիք դուրսը, բայց միեւնոյնն է, օր մը, Աստուծոյ կամքով, բոլորը պիտի վերադառնան մեծ, ազատ, անկախ, ժողովրդավար հայրենիք։

Ես վստահ եմ, որ ոչ միայն պիտի վերադառնանք, այլեւ պիտի դառնանք աշխարհի առաջաւոր երկիրներէն մէկը, որովհետեւ 21-րդ դարուն ամենամեծ արժէքը պիտի ըլլայ մարդու գիտելիքը, աշխատելու ունակութիւնը, որ մենք ունինք։ Հետեւաբար, ես կը կարծեմ, որ իսկապէս 21-րդ դարը մերը պիտի ըլլայ, բայց այդ ճանապարհին առաջին քայլերը այսօ՛ր պիտի ընենք»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան։

Scroll Up