«Բարեւ Երեւան» Մանկական Հատորին Ի Նպաստ Դրամահաւաք

Ասպարէզ- Արեւմտահայերէնով գրուած մանկական նոր հատորին՝ «Բարեւ Երեւան»ի հեղինակը, Սան Ֆրանսիսքոյէն Թալին Մուղամեան, համացանցային դրամահաւաք մը նախաձեռնած է հատորին հրատարակութիւնը իրականացնելու համար։
Դաստիարակչական հատորին նպատակն է Հայաստանի 2800ամեայ մայրաքաղաքին պատմութիւնը եւ ներկան հաճելի ձեւով ներկայացնել նոր սերունդին։
«Indiegogo» կայքին վրայ սկսած արշաւին աջակցելու համար՝ այցելել https://igg.me/at/parevyerevan կայքէջը։