Ծնունդին Խոստումը. Վեր. Յարութիւն Սելիմեան

Տէր Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեան պատմութիւնը Մատթ.1:18-25 աւետարանին մէջ մեզ հոգեւորապէս կը հրաւիրէ վերադառնալու տուն: Տուն՝Ծնունդի ճշմարիտ իմաստին, տուն՝ հիմնական ճշմարտութեան, տուն՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մեծագոյն խոստումին, տուն՝ այն պատճառին, որուն համար կը տօնենք Ծնունդը: Այսօր, երկու հազար տարի ետք, Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը, եթէ աղերս մը չունենայ, պատգամ մը չփոխանցէ եւ փոփոխութիւններ չյառաջացնէ անհատներու եւ ժողովուրդներու կեանքէններս՝ բախումներ տեղի կ՛ունենան:
Մարդկային հասարարական կեանքին մէջ շրջուած սկզբունքներ կրնան ըլլալ: Անձնական փառքերով հետաքրքրուելու փոխարէն պէտք է երկինքի բարձրութեան մէջ, Աստուծոյ վերագրենք այդ փառքը: Այդ փառքը Աստուծոյ պատկանելով Իրեն կը վերաբերի եւ ոչ թէ աշխարհի ոեւէ մէկ անհատի կամ իշխանութիւններու, ո՛չքաղաքական եւ ոչ եկեղեցական: Ուստի երկինքի մէջ Ամենակալն Աստուած ինքն է, Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան հայրը, Խաղաղութեան Իշխանը:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը հարկ է երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն ստեղծել:
Հետաքրքրական է, որ երբ Մատթէոս աւետարանիչ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան պատութիւնը գրի կ՛առնէր շատ իմաստուն բան մը ըրաւ: Ան վերադարձաւ Հին Կտակարանի եւ դուրս բերաւ հին բան մը, թօթուեց փոշին անոր վրայէն, որպէսզի բացայայտէ անոր իմաստը եւ նշանակութիւնը, այդ բանն էր Էմմանուէլ: Այս է Քրիստոս՝ վասնզի անոր անունը Էմմանուէլ պիտի դնես, որկը նշանակէ Աստուած մեզի հետ:
Հասարակական, ընկերային եւ քաղաքական ոլորտներուն մէջ, երկար ժամանակի վրայ չէ ընկալուած Էմմանուէլ անունի հասկացողութիւնը եւ մենք զմեզ օտարացուցած ըլլաով Աստուծոյ անմիջական միջամտութիւններէ՝ ժամանակն է թօթուելու այդ փոշին եւ նոր ըմբռնողութեամբ ընկալելու էմմանուէլ անունի խորհուրդին, սքանչելի խորհրդակիցին տան մեզի հետ ըլլալու իրականութիւնը: Մենք պիտի թօթուենք ու պիտի մաքրենք այդ փոշիները, որպէսզի կարենանք հասկնալ, թէ ինչ կընշանակէ Աստուած մեզի հետ: Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալու իրականութենէն մեկնած, այդ վայրը, այդ տեղը կըկոչենք՝ տուն, այսինքն՝ Էմմանուէլ:
Հիմնականին մէջ,Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալու իրականութիւնն է, որ մեր բնակած տեղը, համարձակութեամբ տուն կըկոչենք: «Աստուած մեզի հետ է, երբ մենք ընդունինք Յիսուս Քրիստոսը մեր կեանքերէն ներս եւ ոչինչ, նոյնիսկ մահը, կարող չէ զատել մեզ Աստուծմէ եւ Իր սէրէն:
Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալու իրականութիւնը պէտք է ընդունինք ո՛չ թէ միայն բնականոն վիճակի մէջ, այլ նոյնիսկ երբ պայմանները խստապահանջ դառնան եւ մեզ մատնեն շփոթութեան եւ ամայութեան:
Կեանքի այս պատահական իրականութիւնները կըքայքայեն եւ հիւանդագին վիճակներու կը մատնեն մեզ: Անորոշութիւնն ու յուսախաբութիւնը մարդուն կեանքին հետ տողագրուած են:
Եթէ առաջին դարաշրջանին կ՛ապրէին եւ չէին գիտեր ճշմարտութիւնները իրարմէ զանազանել, հապա մենք այսօր՝ 21-րդ դարու սկիզբը միթէ այդ շփոթը չապրեցա՞նք՝ ուժերու եւ իշխանութիւններու բախումին կեր դառնալով: Այսպիսի իրավիճակի կարեւոր մէկ երաշխիքն է Սուրիական պատերազմի օրերուն՝ Հալէպը, իր տոկացող հերոս ժողովուրդով, որ ի հեճուկս բոլոր տեսակի յարձակումներու, ռմբակոծումներու եւ զրկանքներու՝ կրցաւ տոկալ: Ամբողջ Հալէպը «Էմմանուէլ եղաւ, անցնող եօթը տարիներու ընթացքին, որովհետեւ Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալու հաստատումը իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը յառաջացուց:
Ամէն անգամ երբ հիւանդագին վիճակէ մը կը ձերբազատինք, ուղղեկորոյս իրականութիւններուն մէջ, վերուղղուած կ՛ընթանանք եւ շփոթած իրականութիւններուն մէջ Աստուածային ուղղութիւն կը ստանանք եկեղեցական, ազգային տարբեր խնդրիներու մէջ, այդ վիճակներնու պահերը կը կոչենք տուն, այսինքն՝ Էմմանուէլ:
Ի՞նչ բանը կը կոչենք տուն: Ո՞ւր է մեր տունը: Շփոթի մէջ են մարդիկ, այստե՞ղ, թէ այլուր: Այս աշխարհի մէջ ո՞ւր է տունը: Այսօր, հեւք, բախում եւ մրցակցութիւն կայ, որովհետեւ ամէն մարդ կը փորձէ փնտռել իր տուն վերադարձի ճամբան: Ի՜նչ ափսոսանք, որ երբեմն տարուած ըլլալով անձնական մղումներէ, կը յանդգնինք օտար վայրեր տուն անուանել: Աստուծոյ խօսքը կուտայ մեզի այս գաղտնիքը: Աստուծոյ խօսքին մէջ յստակութեամբ բնութագրուած է, որ տունը այնտեղն է, ուր Աստուած մեզի հետ ըլլալու խոստումը կատարած է:
Յիսուսի Ծննդեան խոստումը եւ անոր ազդեցութիւնը անհաւատալի է: Երբ կը հաւատաս, կ՛ընդունիս եւ կը յայտարարես, թէ այդ խոստումը ամբողջապէս եւ բացարձակապէս պիտի փոխէ քու կեանքդ, այդտեղ տեղի կ՛ունենայ բշժկութիւնը եւ վայրը կը կոչուի՝ տուն: Երբ վախի մէջ ենք եւ միայնակ, երբ ցաւի, տառապանքի ու անյստակութեան վիճակներէ բռնուածենք, պիտի յիշենք որ Աստուած մեզի հետ է եւ այն տեղը ուր Աստուծոյ հետ կը բնակինք մեզի համար պիտի ըլլայ՝ տուն:
Եթէ Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալու խոստումը Հալէպի մէջն էր, ուրեմն Հալէպը տուն է: Հետեւաբար, Էմմանուէլը, կը դառնայ մեր բալասանը, ուղղիչը, ներքին մղիչ ուժ ներմուծողը, անյստակութեան մէջ յստակատեսութիւն դնողը, քաղաքական խառնաշփոթ վիճակներուն մէջ նոր համակարգերու առաջարկութիւններ ներկայացնողը: Մենք հաւաքական, ազգային մտածողութեան ռազմավարութեամբ մեր կիզակէտը պէտք է դարձնենք տուն վերադառնալու գաղափարը, այն հոգեւոր տունը, ուր պիտի փոխադրուինք ամայութենէն դէպի Աստուծոյ ներկայութեան մէջ: Այնքան ատեն, որ կը մնանք Աստուծոյ ներկայութենէն, հովանաւորութենէն եւ տեսադաշտէն հեռու՝ մեր ապրած ու մնացած տեղերը իրաւունք չունինք տուն անուանելու: «Տունը կ՛անուանենք միայն, հո՛ն, ուր Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալու իրականութիւնը կըզգանք: Էմմանուէլ Աստուած մեզի հետ ըլլալու ճշմարտութիւնը ամբողջ աշխարհը յեղաշրջեց: Առաքեալները գացին ժողովուրդներէ ժողովուրդ, երկիրէ երկիր եւ աշխարհագրութենէ աշխարհագրութիւն տուն վերադարձի մարտակոչ ուղղելով: Ո՞ւնի ազդեցութիւն Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան մարդեղութեան խորհուրդը մեր անձնական, ազգային հաւաքական, եկեղեցական ընդհանուր համակարգին մէջ, դաւանական յարանուանական տարբերութիւններով մէկտեղ: Եթէ ունի ազդեցութիւն, ուրեմն մենք տուն վերադարձի ճամբուն վրայ ենք, եթէ չունի՝ կը նշանակէ մենք ամայացած ենք եւ ամայութեան մէջ ճամբայ չկայ: Ամայութեան մէջ անյստակութիւն, վախ եւ յուսախաբուածութիւն կայ:
Եկէ՛ք վերադառնանք տուն, Էմմանուէլ, եկէ՛ք յանձնառութեամբ վերադառնանք, որպէսզի ճաշակենք Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալու իրականութիւնը: Ամէն:
Վեր. Յարութիւն Սելիմեան
Համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի