Ալմաթիի Հայկական Համայնքն Ընդունած Է Հայաստանի Դպրոցականները

Արդէն 15 տարի է, որ Ղազախստանի հարաւային մայրաքաղաք Ալմաթիի մէջ տեղի կ՛ունենայ դպրոցականներու առարկայական մրցոյթը, որ յայտնի է Ժաուտիկեան ողիմպիատա անուամբ: Ատոր կը մասնակցին ուսողութեան, բնագիտութեան եւ համակարգչային գիտութեան գիտակներ աշխարհի շուրջ երկու տասնեակ երկիրներէ: 5-րդ անգամ այդ մրցոյթին կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի դպրոցականները, որոնք վերջին տարիներուն մրցոյթի այս շարժման պատմութեան մէջ բարի հետք  ձգած են եւ յաղթողի համբաւ վաստակած:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին  Ալմաթիէն կը յայտնէ Արամ Նաւասարդեան, մրցոյթի փակման արարողութեան կը մասնակցէին Ղազախստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ պատ­ուաւոր հիւպատոս Յարութիւն Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ Ալմաթիի հայկական համայն­քի անդամներ: Մեծ էր անոնց հրճուանքը, երբ պարզուեցաւ, որ հայ «գիտակները» 14 մետալ  նուաճած են, 1 ոսկի, 7 արծաթ եւ 6 պրոնզ:
Քառամեայ աւանդոյթին համաձայն,  հայաստանցի դպրոցականները ջերմութեամբ դիմա­ւորեցին Ղազախստանի հայերու միութեան «Մասիս» հայկական հանրապետական հասա­րակական  կազմակերպութեան երիտասարդները, սիրով հիւրընկալեցին իրենց յարկին տակ, կազմակեր­պու­թեան ղեկավար Է. Վարդերեսեանի անունով  յուշանուէրներ տուին, պատմեցին իրենց առօրեայի մասին, միասին երգեցին, պարեցին, ուրախացան:

Այսպէս Ալմաթիի հայկական համայնքը ջերմօրէն մեծարեց յաղթողները` նշելով գիտելիքի բացառիկ դերը 21-րդ դարու բաց հա­սարակութեան եւ գիտելիքահեն կրթութեան պայմաններուն մէջ:

 

Scroll Up