Նիկոլ Փաշինեան Կը Մասնակցի Տաւոսի Միջազգային Տնտեսական Համաժողովին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մեկնի Զուիցերիա` մասնակցելու Տաւոսի միջազգային տնտեսական համաժողովին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«Կը նախատեսուի վարչապետի մասնակցութիւնը Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ յունուար 22-25 տեղի ունենալիք միջազգային տնտեսական համաժողովին»,- կը նշեն վարչութենէն:
Համաժողովի թեման է «Համաշխարհայնացում 4:0. համաշխարհային ճարտարապետութեան կառուցումը չորրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին»: