Զոհրապ Մնացականեանի Եւ Էլմար Մամետեարովի Հանդիպումը

Յունուար 16-ին Փարիզի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագաներ Իկոր Փոփովի, Ստեֆան Վիսկոնտիի, Էնտրիւ Շոֆերի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիկը:

Տեղի ունեցաւ մտքերու օգտակար եւ կառուցողական փոխանակում, որ ուղղուած էր նաեւ առաւել լայն փոխըմբռնման եւ փոխվստահութեան հաստատման:

Աւելի քան չորս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին զրուցակիցներն անդրադարձան խաղաղ գործընթացին առնչուող հարցերու լայն շրջանակի` ներառեալ ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելուն, անվտանգութեան ու տարածաշրջանային կայուն զարգացման:

Հանդիպման նոր ժամկէտները դեռեւս հաստատուած չեն, այնուամենայնիւ, ԱԳ նախարարները համաձայնեցան յառաջիկայ ամիսներուն շարունակելու հետեւողական, նպատակաուղղուած շփումները:

Scroll Up