Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Երեքշաբթի, 15 յունուար 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի (ընդհանուր քարտուղար) եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան (Գործադիր վարչութեան անդամ), ինչպէս նաեւ զանազան բաժանմունքներու տնօրէններ:

Պատուիրակութիւնը վեհափառ հայրապետին ներկայացուց խորհուրդի վերջին տարուան աշխատանքները` կեդրոնանալով տնտեսական, վարչական, աստուածաբանական եւ ընկերային մարզերուն վրայ:

Վեհափառ հայրապետը իր թելադրանքները կատարեց եւ շեշտեց խորհուրդի աշխատանքին եկեղեցիներու մասնակցութեան եւ զօրակցութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիպումի աւարտին, դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին` իբրեւ երախտագիտութեան խորհրդանիշ` խորհուրդի աշխատանքներուն գծով իր կատարած օգտաշատ թելադրանքներուն համար:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբաթ խորհուրդը պիտի ունենայ իր Գործադիր վարչութեան ժողովը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի ներկայացնէ Սեպուհ արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմի) եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան (Լիբանանի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ արաբական գրականութեան դասախօս):

Scroll Up