Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ. Հաղորդագրութիւն

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Հինգշաբթի, 10 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը` ընկերակցութեամբ Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղներու վարչական անդամներուն, այցելութիւններ տուաւ Հ.Կ.Խաչի Ազգային վարժարաններ։
Ընկերուհիները հակիրճ ձեւով բացատրեցին Հ.Կ.Խաչի առաքելութիւնը, բարեմաղթութիւններ եւ յաջողութիւններ յայտնեցին աշակերտներուն՝ անոնց ուսման մէջ, մաղթելով, որ Հ.Կ.Խաչի եւ գաղութի ջանքերով հիմնուած այս վարժարանները շարունակեն հայ սերունդի դասաւանդումը հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի շուրջ։
Աւարտին, բոլոր աշակերտներուն բաժնուեցան անուշեղէններ։
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի
Շրջանային Վարչութիւն