«Հպարտ» Բանաստեղծը. Խաչիկ Տէտէեան
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Ես բանաստեղծ չեմ, որպէսզի կարենամ գրախօսական մը գրել քու նոր հրատարակած երկու գիրքերուդ համար»:
Խաչիկ Տէտէեանին հետ ունիմ տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւն, որ անցած է անհատական բարեկամութենէ` հասնելով ընտանեկան ջերմ յարաբերութիւններու եւ հանդիպումներու: Իր երկու նոր հրատարակած բանաստեղծութիւններու հատորները` «Երազէն անդին», որոնք լոյս տեսած են Երեւան, ինծի եւ ընտանիքիս մակագրեց ու նուիրեց: Ինչ խօսք` մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն էր ինծի համար տեսնել իմ բանաստեղծ բարեկամիս նոր իրագործումը: Նկատի ունենալով, որ մեր հանդիպումներուն մէջ բացակայ չեն նաեւ կատակ-դիպուկները, չուշացաւ իմ խօսքը. «Ես բանաստեղծ չեմ… Գրախօսական չեմ կրնար գրել»: Չուշացաւ Խաչիկին արագ եւ նոյնքան կատակ-սրամիտ պատասխանը. «Գործէն փախչելու լաւ պատճառաբանութիւն»:
Ճիշդ էր Խաչիկ Տէտէեանը: Ես պէտք էր յիշէի, որ աշակերտական տարիներուս որքան հայ բանաստեղծներու քերթուածները գոց կը սորվէի եւ ատենամարզանքի պահերուն կը մասնակցէի մրցոյթներու: Հայ բանաստեղծութիւնը միշտ ալ ինծի հետ «քալած» է տարիներու ընթացքին:
Խաչիկին հետ մեր զրոյցներուն մէջ նաեւ անպակաս չեն ազգային-հայրենական ու եկեղեցական-միութենական եւ գաղութային հարցերը, որոնց մէջէն անպայմանօրէն դուրս պիտի ելլէին հոգեներաշխարհային մտահոգութիւններ եւ տագնապներ, որոնցմէ մէկը` «Ես յոռետես անձ եմ», որ քանիցս ըսած է Խաչիկ:
Իր երկու նոր հրատարակած բանաստեղծութիւններու հատորները կարդալով` ըմբոշխնեցի իմ բանաստեղծ բարեկամիս մէկ կողմէ «ներաշխարհ»-ը, միւս կողմէ ալ` այն բոլոր «յոռետես» վիճակները, որոնք կը տագնապեցնեն զինք… Ճիշդ է, որ այս «յոռետեսական» հարցերը երբեմն կը քննարկենք իրարու հետ, բայց տարբեր զգացի, երբ կարդացի զանոնք իր բանաստեղծութիւններուն մէջ: Հոն տեսայ իմ բանաստեղծ բարեկամս իր «ամբողջութեան» մէջ:
Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը, որ հայրենի ու հայկական ընդհանրական իրականութեան մէջ ունի իր արժանի դիրքը եւ վաստակը` որպէս մտաւորական-գրող եւ արուեստաբան, խմբագրած եւ կազմած է Խաչիկին հատորները: Ան յառաջաբանին մէջ կ՛ըսէ. « Խաչիկ Տէտէեանը բազմաթեմա բանաստեղծ է եւ` անսովոր բազմաթեմա»:
Այս «անսովոր բազմաթեմա»-ն էր, որ ապրեցայ եւ ընկալեցի Խաչիկին երկու հատոր նոր քերթուածներու հաւաքածոյին մէջ: Տեսայ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Խաչիկ Տէտէեանը «յոռետես» անձ-բանաստեղծն է: Բայց իրարու հետ շաղկապուած իր բոլոր բանաստեղծութիւններուն մէջ տեսայ «յոռետեսութիւն»-ը, որ սակայն կեցած ու անշարժ չէր, այլ` քալող, եւ ինչպէս Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը որակած էր, «շարունակուող» բանաստեղծ-բանաստեղծութիւնն մըն է: Ան միշտ ամուր կանգնած է, բայց նաեւ պայքարած ու պոռթկացած է, եւ Երուանդ Տէր Խաչատուրեանին նկարագրականով` «սփիւռքահայ հոգեբանական եւ հոգեկան ներկայ վիճակներու, որոնք այլ են»` իմա հեռու մարդկային-ազգային արժէքի խորքային գիտակցութենէ: Խաչիկ Տէտէեանը իր յոռետեսութիւնը զարգացուցած է, իմա՛ «շարունակած», որպէսզի ինք հասնի, բայց նաեւ հասցնէ հայը, ազգը, հայրենիքն ու, տակաւին, մարդկութիւնը այս արժէքի գիտակցութեան:
Բանաստեղծութիւններու այս երկու հատորներուն մէջէն սկսայ քակել մէկ-մէկ «բազմաթեմա» նիւթերը եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Խաչիկը իւրաքանչիւր յոռետեսական տագնապները շարունակած է հասցնել արժէքի կեանքին, որ պէտք է շարունակուի:
Իսկ Խաչիկ Տէտէեանի աշխարհը մարդն է իր «սիրոյն» մէջ, «վիշտին», «բնութեան», «մահուան», «անորոշութեան», «կեանքին», «պարզութեան» ու այս բոլորը` իր «հոգիի թռիչքին» մէջ ու մէջէն: Մարդուն մասին է, որ կը խօսի եւ կը յայտնէ, թէ «ո՛ւր կ՛երթայ…» եւ «կը խարխափէ անյոյս ճակատագրով մը»: Տակաւին, ան «կ՛որոնէ իմաստը այս բոլոր անդուլ վազքին» եւ կը տեսնէ աշխարհ մը` «կ՛երպարանափոխուած եւ անիծուած»: Այս բոլորին մէջէն ան կ՛ուզէ կորսուիլ. «Կորսուիլ կ՛ուզեմ հորիզոնի անհունին մէջ»: Բայց այս «անյոյս ճակատագրին» ան կու տայ ընթացք, եւ իր «կորսուելու փափաք»-ն ալ կը դառնայ նպատակասլաց: Ան կը փնտռէ «նոր հաւատք ու երազ ներշնչող» իրականութիւնները` թափ տալով իր հոգիի թռիչքին: «Պիտի ուզէի որոտալ, ժայթքիլ, դուրս գալ նոր երազի մը ուղիով»: Եւ այս նոր երազին մէջ պէտք է տեսնել յոռետես բանաստեղծին շարունակուող սլացքը` հասնելու եւ ձգտելու համար արժէքին «ճշմարտութեանը», որ «աղջամուղջին մէջ կորսուած» է: «Ճշմարտութիւնը» բանաստեղծը կը գտնէ հաւատքին մէջ: «Տո՛ւր ինծի իմաստութիւն, տէ՛ր»: Այս այն «իմաստութիւնն» է, որ «խաւար իր կեանքին համար դառնայ ջահը անմար»: Ան կ՛ուզէ քալել այս «ջահին» ուղղութեամբ, որպէսզի կարենայ ըմբռնել Տիրոջ «խորհուրդները խորհրդաւոր»:
Խաչիկ Տէտէեանը հայն է, սփիւռքահայը եւ Հայաստան հայրենիքը սիրող, բայց եւ որուն «ապագան զինք կը յուզէ»: Ան կը տեսնէ իր ժողովուրդին «նահանջը` կամաւոր եւ այլասերող»: Ան այս իրականութիւնը վերածած է «վիշտի»: «Իմ ցեղի կորուստն է դանդաղ… կ՛երթանք կորստեան ուղիներէ… Կը զոհաբերուին սրբութիւններ, արժէքներ, հայրենիք, ազգ, լեզու, անցեալ, կը նուազի յոյսը. կ՛աղաւաղուի դիմագիծը` մարդուն սրբակենցաղ, որ տեսակ է հազուագիւտ: Ո՞ւր է ան`այդ տեսակը կորսուած»: Ան այս բոլորը կ՛որակէ որպէս` «Տագնապն է ան հայուն ներկային, հայրենիքէն դուրս նահանջող հայուն»:
Ան կ՛ակնարկէ հայուն մեծ երազի ճամբու իտէալին եւ տեսիլքներուն, որոնք` «զիջեցանք զանոնք տեղայնական մտայնութեամբ»: Խաչիկ Տէտէեանին համար «հայութիւն, հայրենիք ամէն բանէ վեր» են: Իր յոռետեսութիւնը այն է, որ հայը միաբան չէ: Ան կը ձգտի միաբանութեան: Հոս դարձեալ ակնյայտ է շարժող յոռետեսութիւնը, եւ ան կ՛ըսէ. «Մէկը ամբողջին ու ամբողջը մէկին կարգախօսով, հաւաքական գործին հաւատացած»: Խաչիկը իր հայրենասիրութեան թռիչք-սլացքը կը հասցնէ «ուրիշ» մը ըլլալու գիտակցութեան. «Ահա այն ատեն միայն հաւատացի, որ մերն իրաւամբ ուրիշ է… որ Հայաստան աշխարհ կոչուած այս դրախտը իրաւամբ հրաշք մըն է հողեղէն…»: Բայց Խաչիկին սլացքը տակաւին վեր է. «Պիտի հասկնանք ուշ կամ կանուխ, անպայման, թէ հայրենիքն է միայն փրկութեան լաստը վերջին»: Ան կը վստահեցնէ` մեկնելով իր սփիւռքահայու փորձէն, որ` «օտար ամայի ճամբէքի վրայ չկայ խաղաղութիւն»:
Խաչիկ Տէտէեանը պահանջատէր բանաստեղծ է իր ժողովուրդի ահաւոր Ցեղասպանութեան փորձառութեան մէջ. «Սպաննեցիր մարմինը, բայց չբեկանեցիր անոր կամքը: Լսէ՛, հայը կը բախէ դուռդ հիմա` ուժգնօրէն, արեան մուրհակները ձեռքին, արդար վրէժխնդրութեամբ. յարութեան ղօղանջները կը հնչեն ծագէ ծագ, յարութեան շունչով զօրացած»:
Խաչիկ Տէտէեանը կը հաւատայ եւ ամուր կառչած է մայրենիին. «Հայուն դժուար երթին դուն աղաղակող օրագրութիւն»: Բոլոր «փոթորկոտ ու փոխուող» օրերուն մէջէն ան կը հաստատէ չփոխուող իրականութիւնը, որ` «Կը մնան փորագրուած երեսունվեց տառեր հրաշագործ` որպէս անջնջելի, նուիրական սխրանք իւրայատուկ»:
Կայ նաեւ Խաչիկ Տէտէեան «Տեսիլքի» բանաստեղծը: Հոս դարձեալ իր յոռետեսութիւնը կը շարժի… «Կը տեսնեմ երկիր ազատ ու արդար, պետութիւն, ժողովուրդ ձեռք-ձեռքի տուած, կը կերտեն նոր, ազատ հայրենիք, նոր սխրանք, ուժեղ ապագայ»:
Խաչիկ Տէտէեանը կը հաւատայ նաեւ իր ծննդավայր Լիբանանին. «Չէ՞ որ իմ հայրենիքն է նաեւ ան, այդ որդեգիր ծնողքս հարազատ»: Բայց նաեւ կ՛ափսոսայ Լիբանանին վիճակուած սեւ ճակատագրին, որ ան ապրած է ամէն հարազատութեամբ. «Մնացիր եւ միայնակ ճակատագրին դէմ…»: Ան կը գիտակցի մեծերուն բոլոր խաղերուն. «Կ՛օգտագործեն քեզ մեծերը այս աշխարհի»: Խաչիկ Տէտէեանը կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս «Երկիրն այս, նահանջի ու կորստեան ուղին է բռնած», եւ այդ պատերազմի արհաւիրքին մէջ ան կը գծէ` «ատելութեան դիմագիծը», «նախանձը անհանդուրժող», «անարգ ոճիր»-ը եւ այդ բոլորը կը սեղմէ իր մէջ` որպէս «քաոս իմ ներսիդիս»:
Բայց Խաչիկ Տէտէեան յոռետեսը կրնայ տեսնել «նոր Լիբանան»: Լիբանանը, «որ կը ցցէ գլուխը յաղթական` մահաքունէն զարթնած»:
Խաչիկ Տէտէեանին յոռետեսութիւնը իրաւամբ շարժող է, որովհետեւ ան գիտէ դէմ կենալ ներկայ օրերու ընթացքին, որ «այլ» է: Բայց ինք հոն չէ, քանի գիտէ դիավարել «անտարբերութեան» մէջէն, որ «ախտ» է եւ «կը սուրայ մոլագար»: Խաչիկ Տէտէեանը «անցեալի տխուր յուշերը վանած» է ու, տակաւին, «ամօթի ու պարտութեան բարդոյթէն ձերբազատած», ան կը նայի «վաղուան օրուան յաղթութեան` հպարտութեամբ գօտեպնդուած»:
Այս յաղթութեան հպարտութիւնն է, որ Խաչիկ Տէտէեանը դարձուցած է «հպարտ» բանաստեղծ… Հպարտը երբեք գերակայութեան համար չէ: Ինչպէս որ ինք կ՛ըսէ` «Աժան ու սին ինքնապարծութեամբ»: Այլ հպարտութիւն մըն է, որ Խաչիկ Տէտէեան յոռետես բանաստեղծը վերածած է շարժող եւ շարժուն: Շարժուն` կեանքի մէջ արժէքին տենչալով եւ հասնելու ձգտումով: Ահա թէ ինչո՛ւ իր բանաստեղծութիւնը «շարունակուող» է, քանի արժէքի կեանքի ձգտումը երբեք պէտք չէ կենայ:
Իսկ արժէ՞քը… Ան հպարտ է` «հայ ծնած ըլլալով», հպարտ է` «հայու արիւն կրելով»: Այս հպարտութիւնը իր մէջ կերտած է «հաւատք» մը, որ միշտ «վառ» է, կենդանի, ապրող եւ շարժող: Տակաւին, կեանքի նկատմամբ «համոզմունքով» մը, որ իր անձը եւ ապրած օրերը վերածած են «ջերմութեան»: Այս «համոզմունքը» եւ «ջերմութիւնը» Խաչիկ Տէտէեան, հպարտ բանաստեղծը եւ մեզ բոլորս կը տանին յոռետեսութենէն դէպի արժէքի կեանքը տեսնելու եւ կերտելու մարտահրաւէրին:
Շնորհակալութի՛ւն, Խաչիկ Տէտէեան, այս արժէքին ու ինքնութեան գիտակցութեան համար: Քեզի, մեզի եւ մեր բոլորին:
Խաչիկ Տէտէեան` հպարտ բանաստեղծը, որ կը խթանէ մեզ բոլորս, որ մենք հպարտ հայեր ենք…
Հպարտ բանաստեղծը: Ան, որ յոռետես իրավիճակները կը շարժէ հասնելու եւ հասցնելու համար մեզ բոլորս արժէքի գիտակցութեան: