Իրանահայ Աշակերտուհիներու Յաջողութիւնները Ռոպոթաշինութեան Պատանեկան Մրցաշարին
Յունուար 9-ին Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գերաշնորհ Տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգսեանի ձեռամբ գնահատագիրներ եւ նուէրներ ստացան «Մարի Մանուկեան» դպրոցի ռոպոթաշինութեան խումբի աշակերտուհիներ Սելիա Մարտիրոսեան, Սէրլին Էլիասզատեն, Թրէյսի Շամիրեան, Էրինա Աբրահամեան, որոնք մասնակցելով Իրանի Ռոպոթաշինութեան պատանեկան մրցաշարին (վերջինս կը կայանայ ամէն տարի Թեհրանի եւ Իրանի տարբեր քաղաքներու միջեւ)` 2 անուանակարգերուն մէջ գրաւած են առաջին մրցանակային տեղերը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Թեհրանի Հայոց թեմի Կրթական խորհուրդէն, Իրանի աշակերտուհիները գնահատագիր ստացած են նաեւ լաւագոյն խմբային աշխատանքի համար:
Ռոպոթաշինութեան ասիական մրցոյթը (Light Weight Super Team) տեղի ունեցած է նոյեմբեր ամսուն` Քիշ կզղիին մէջ: Իրանէն 32 խումբերու եւ Ռուսաստանի 15 խումբերու միջեւ կայացած մրցոյթի խմբային բաժինին մէջ իրանահայ աշակերտուհիները գրաւած են առաջին պատուաւոր տեղը:
Գնահատագիրներու բաշխումին ներկայ էին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդի օգնական գերշ. Տ. Մեղրիկ Ս. եպս. Բարիքեան, Կրթական խորհուրդի ատենապետ Անէթ Պաղտասարեան, նոյն խորհուրդի անդամ Սագօ Ազիզեան, ՀԲԸՄ վարչութեան անդամները, դպրոցի տեսչուհի տիկին Սալիմին, փոխտեսչուհի Արսինէ Մկրտչեան, ռոպոթաշինութեան ուսուցիչներ Տաեմին եւ տիկին Մահ Հասանին, աշակերտուհիներուն ծնողները:
Սրբազան Հայրն իր շնորհաւորանքի եւ օրհնանքի խօսքը յղելով աշակերտուհիներուն` յոյս յայտնեց, որ այս ձեռքբերումը մեկնակէտն է նոր աշխատանքներու եւ նոր յաջողութիւններու:Ան այս առիթով որպէս յուշանուէր աշակերտուհիներուն նուիրեց Յովհաննէս Աւ. քհնյ. Հաճեանի «Հայոց պատմութիւն» գիրքի 2 հատորներն իր ստորագրութեամբ` մաղթելով անոնց նորանոր նուաճումներ տարբեր ասպարէզներու մէջ: