Ուրուկուէյի Հայ Երաժիշտ Գաբրիէլ Մարգարեանի Նոր Ձայնասկաւառակը

Ուրուկուէյի հայ երաժիշտ, արուեստագէտ Գաբրիէլ Մարգարեան ներկայացուցած է իր նոր ձայնասկաւառակը, որ բաղկացած է հայկական մեղեդիներէ եւ վերնագրուած է «Արարատ»:

«Արաքս» ձայնասփիւռի տնօրէն Տիեկօ Քարամանուկեանի հետ զրոյցի ընթացքին Մարգարեան պատմած է, որ մանկութեան տարիներուն հայկական ռատիոժամերու միջոցով, ընտանեկան ձեռնարկներուն ունկնդրելով հայկական երաժշտութիւն` կրցած է ըմբռնել այդ հարստութեան գեղեցկութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբերութիւնները այլ ազգերու երաժշտութեան հետ:

Երաժիշտը նաեւ ըսած է, որ մեղեդիները ստեղծելու համար ներշնչուած է հայկական լեռնային բնութեան իւրայատկութիւններով:

Երգերու ձեւաւորման մէջ իր մասնակցութիւնն  ունեցած է հայաստանցի տուտուկահար Էտկար Ասմարեան: Օգտուելով համացանցային հնարաւորութիւններէն` նաեւ վիրտուալ մեծ երգչախումբ  ստեղծուած է, իսկ անգլիացի երգիչներէն մէկն իր փայլուն ձայնով երգած է հայերէն:

Գաբրիէլ Մարգարեան նաեւ ունի տեսահոլովակ, որ կը կոչուի է «Ժայռի վրայ քանդակուած ժողովուրդ», որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն եւ  վերապրողներուն յիշատակին:

Հեղինակին ստեղծագործութիւններուն կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ հասցէներով:

www.gabrielmarkarian.com

 Listen in Spotify

https://www.facebook.com/GabrielMarkarian.GAMA/

Ararat Album in Amazon

Scroll Up