Այցելութիւն՝ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանին
Հինգշաբթի 10, Յունուարի 2019, Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան,Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի ընդհանուր քարտուղարը՝ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան՝ Ն.Վ. Պրն Վահագն Աթաբեկեանի։ Դոկտ. Ճէպէճեան շնորհաւորեց Պրն. Դեսպանը իր նշանակումին համար։ Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու տարած աշխատանքներուն մասին՝նեռարելով նաեւ անոր միջազգային կառոյցը։ Դոկտ. Ճէպէճեան ապա նուիրեց Պրն.Դեսպանին իր հրատարակած նոր գիրքը՝«սփիւռքահայ կեանքեր՝ինչպէս որ տեսայ» եւ խօսեցաւ վերջերս Երեւանի մէջ կայացած շնորհահանդէսի մասին։
Պրն.Աթաբեկեան ըսաւ թէ ան արդէն իմացած էր Դոկտ.Ճէպէճեանի աշխատանքներուն մասին՝եւ նաեւ Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու տարած գործունէութիւններուն Հայաստանի մէջ։ Պրն. Դեսպանը բարձր գնահատեց տարուած բոլոր աշխատանքները։ Դոկտ. Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Դեսպանին եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն՝հաստատելով շարունակելու իր գործակցութիւնը եւ նեցուկը դեսպանատան տարբեր գործունէութիւններուն մէջ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Դեսպանատան միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու եւ մշակութային կցորդ՝Դոկտ. Վլատիմիր Պօղոսեանը։