Նոր Տարուան Նուէրներ Ութսունամեայ Հայ Ծերունիներու
Աստուածաշունչը կը թելադրէ պատուել ու մեծարել տարեցները.
«Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելիր, եւ ծերերը պատուէ , ու քու Աստուծմէդ վախցիր»:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ . Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ թեմիս Նպաստից Յանձնախումբին, նախորդ տարիներու հետեւողականութեամբ, Շաբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին «Նիւ Սպիտակ » ճաշարանէն ներս ութսունամեայ (1938–ի ծնունդ) 56 տարեցներու հետ հաւաք մը տեղի ունեցաւ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Տէրունական» աղօթքով եւ սեղանի օրհնութեամբ բացաւ հանդիպումը, ապա ան, ծերունիներով շրջապատուած, հատեց տարեցներուն նուիրուած կարկանդակը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ամանորեան մտերմիկ հաւաքոյթ մը:
Յանձնախումբիս անդամներէն Կայծակ Յովակիմեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յանձնախումբին անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայ երէցներուն ցուցաբերած իր հայրական հոգատարութեան համար:
Ութսունամեայ տարեցները սրբազան հօր հետ ճաշակեցին պատրաստուած յատուկ ճաշը:
Ամանորեան մթնոլորտը իր յատուկ հրապոյրը կը զգենայ Կաղանդ Պապուկին ներկայութեամբ եւ գեղարուեստական յայտագիրով։
Արդարեւ, գեղարուեստական յայտագիրով Մարինէ Մարգէեան մեներգեց ամանորեան եւ ժողովրդական երգեր՝ ընկերակցութեամբ Միհրան Աշակերտեանի (ձեռնադաշնակ)։ Անոնք խանդավառեցին ներկաները, իսկ Կաղանդ Պապուկը իւրաքանչիւր տարեցի նիւթական նուէր յանձնեց։
Ամանորեան ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նպաստից Յանձնախումբին ուղղած գնահատանքի խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։ Ապա Սրբազան Հայրը տարեցներուն մաղթեց օրհնաբեր տարի, քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք։
Նպաստից Յանձնախումբ