Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Բանակի Պատուիրակութիւնը
Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան զինուորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Լիբանանի Հայ համայնքը Ս. Ծննդեան տօնին կապակցութեամբ եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խորհրդակցելու առաւելաբար ապահովական ու բանակի դերակատարութեան առնչուած հարցերու շուրջ:
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Լիբանանի բանակի դերը, զայն նկատելով Լիբանանի միութեան, գերիշխանութեան ու արժանապատուութեան պաշտպան: