Ամանորեայ Տօնական Ձեռնարկ Տիւմէնի ՄԷջ

Տարեմուտի հեքիաթը

Ձմեռ պապն արդէն ճամբան է: Ոլոր-մոլոր ճամբաներով ան կու գայ բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան տարեմուտի հրաշքին: Կը թուի` տիեզերքի իւրաքանչիւր անկիւն Ամանոր է: Այդ անկիւններէն էին նաեւ Տիւմէնի հայկական մշակոյթի կեդրոնները (2 մասնաճիւղ), ուր Ամանորը հիւր եկած էր իր ողջ հմայքով:

Անսովոր իրարանցում, եռուզեռ, յուզում… ելոյթ ունեցող տիւմէնաբնակ հայ  մանուկները կը հաւատան, որ Ամանորի գիշերը իրական դարձած  հեքիաթ է,  եւ տօնական  ձեռնարկը նուիրեցին ջերմ ու պայծառ այս տօնին:

Տիւմէնի Մ. Մաշտոցի անուան հայկական մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Ռ. Դանիէլեանի ողջոյնի եւշնորհաւորանքի խօսքերէն յետոյ ելոյթ ունեցան կեդրոնին մէջ գործող «Նայիրի» եւ «Հայաստան»  պարի խումբերը:Աւագ դասարանի աշակերտները` գոյնզգոյն հանդերձներով, հանդէս եկան  ասմունքով ու բարեմաղթանքներով: Իսկ կրտսեր խումբի սաներն իրենց հեքիաթային  կերպարներով, երգ  ու  պարով նոր շունչ հաղորդեցին ամանորեայ տօնակատարութեան:
Թատերական խումբը ներկայացուց «Մկներու ժողովը» բեմականացումը: Ներկայացման ընթացքին փոքրիկ դերասանները ո՛չ միայն հարազատ  մնացած էին հանրայայտ հեքիաթի ոգիին,  այլեւ  կը  ստեղծագործէին`օգտագործելով իրենց առօրեայ բառապաշարը:

Եւ, վերջապէս, եկաւ ամենասպասուած պահը. նուէրներով հանդերձ ներս մտան ձմեռ պապն ու  ձիւնանուշը եւշուրջպար բռնեցին երեխաներուն հետ: Ձմեռ պապի ներկայութիւնն ալ աւելի ոգեւորեց փոքրիկները, տիրեց աշխոյժ մթնոլորտ մը:

Կեդրոնի առաքելութեան հաւատարիմ մնալու համար կ՛ակնկալուէր, թէ  հայապահպանութեան ոգիի շեշտադրում պիտի  ըլլար: Ի հարկէ, հայկական  հոգիի  շունչն  ապահովուած էր:  Մինչդեռ,  ազգային տարբերութիւններու սահմանները կը կոտրին այն ժամանակ, երբ մարդկութիւնը տեսնէ  աշխարհի բոլոր մանուկները`  ձմեռ պապի հետ  շուրջպար բռնած: Ամանորը  ժպիտ մը պարգեւած է բոլոր մանուկներուն, եւ այն կը կոչուի բարութիւն:…

Աւարտին Սերկօ Ստեփանեանի, ծնողներուն կողմէ երախտիքի խօսքեր յղուեցան ձեռնարկի կազմակերպիչներուն` դասաւանդող ուսուցիչներուն` մեծ սէր ու եռանդ ներդնելու, հայ մանուկներու ամանորեայ հեքիաթը իրական դարձնելու համար:

Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Աբրահամ Հովէեանին («Տիւմէնի մարզի հայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ) եւ Սերկօ Ստեփանեանին (ՌԴ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի տնտեսական հարցերու գծով խորհրդատու)` ընդգծելով, որ ամէն ինչ եղած է  տօնական մթնոլորտ ապահովելու եւ անմոռանալի ժամանց կազմակերպելու համար:

Ձեռնարկը  աւարտուած էր… Բոլորին կը միաւորէր արդէն սիրելի դարձած երգի գեղեցիկ  մեղեդին, որ դեռ կը հնչէր մեծերու եւ փոքրերու շրթունքներէն:
-Զանգակներ, զանգակներ, բարի զանգակներ,
միշտ հնչէ, ղօղանջէ, բարին աւետէ….

Ալուան Պօղոսեան

Տիւմէնի  Մ. Մաշտոցի անուան հայկական մշակոյթի կեդրոնի  ուսուցչուհի

               

 

 

Scroll Up