Նոր Տարուան Նուիրուած Ձեռնարկ Իննսպրուկ Քաղաքին ՄԷջ

Դեկտեմբեր 30-ին Աւստրիոյ Իննսպրուկ քաղաքին մէջ գործող հայկական համայնքը եւ Գարեգին Նժդեհի անուան մէկօրեայ դպրոցը պատրաստած էին Ամանորին նուիրուած ձեռնարկ:
Ներկաները հնարաւորութիւն ունեցած են վայելելու հայկական պարը, ամանորեայ երգեր` համայնքի հայ մանուկներու կատարմամբ, ինչպէս նաեւ ճաշակելու հայկական աւանդական ուտեստներ` պատրաստուած համայնքի կանանց կողմէ:
Աւելցնենք, որ Աւստրիոյ Իննսպրուկ քաղաքին մէջ Գարեգին Նժդեհի անուան դպրոցը հիմնադրուած է 2018 թուականի ապրիլին: