Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնը Պատուեց ՀԵԸ-ական Մարսէլ Պարսումեանը

Շաբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2018-ին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը, Էտեպ ու Ռիատա ակումբին սրահին մէջ, Քըֆարշիմա, ի ներկայութիւն Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հասան Ռըսթըմի, Լիբանանի երիտասարդական եւ մարզական հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչներու, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայի եւ անդամներու, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ փոխատենապետ՝ Համբար Եսայեանի, պաշտօնական հիւրերու, մարզասէրներու, հանդիսաւորապէս պատուեց նախկին մարզիչ ՀԵԸ-ական Մարսէլ Պարսումեանը՝ փինկ փոնկի մարզաձեւին մէջ անոր երկարամեայ ծառայութիւններուն համար: Մարսէլ Պարսումեան միաժամանակ եղած է ՀԵԸ-ի փինկ փոնկի կազմերուն ներկայ մազիչ Սահակ Պիտինեանի մարզիչը:
Այս առիթով Լիբանանի Փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահը եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեցին Մարսէլ Պարսումեանին:
Հանդիսութեան ընթացքին փինկ փոնկի ֆետերասիոնը պատուեց 2018 մարզական տարեշրջանի Լիբանանի փինկ փոնկի տարբեր կարգերու մէջ տիտղոս շահող մարզիկները:
ՀԵԸ-ականներ Նինա Մարգարեան՝ 21 տարեկանէն վար Լիբանանի ախոյեանուհի եւ Ռոք Ատէլ Հաքիմ, Լիբանանի փինկ փոնկի բաժակակիր, ստացան ֆետերսիոնին կողմէ պատրաստուած վկայականներ: Իսկ ՀԵԸ-ական Աննա Մարգարեան ստացաւ յատուկ հաստատագիր մը:
Ջերմապէս կը շնորհաւորենք տիար Մարսէլ Պարսումեանը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր մարզիկներուն:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ