Մերիլանտ Նահանգի Խորհրդարանը Կ’ունենայ Հայ Պատգամաւոր

Ընտրութիւններու արդիւնքով ԱՄՆ-ի դաշտային եւ նահանգային օրէնսդիր մարմիններ  ընտրուած են շարք մը ամերիկահայեր: «Ամերիկայի Ձայնը» զրուցած է Մերիլանտի նահանգային խորհուրդի նորընտիր անդամ, ամերիկահայ Լորիկ Չարքուտեանի հետ: Կը յայտնէ Ամերիկայի ձայնը: Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքին մէջ իրենց աշխոյժ դերակատարութիւնն ունին ամերիկահայերը:

Վերջերս կայացած ընտրութիւններուն շարք մը ամերիկահայեր իրենց տեղը զբաղեցուցին երկրի դաշնային կամ նահանգային օրէնսդիր մարմիններու մէջ:

Անոնցմէ է Լորիկ Չարքուտեան, որ մասնակցելով այս տարուան ընտրութիւններուն, դարձաւ Մերիլանտ նահանգի խորհրդարանի անդամ դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ: Ամերիկայի Ձայնի հետ զրոյցին, ան ընդհանուր առմամբ դրական գնահատեց անցած ընտրութիւններու արդիւնքներն իր կուսակցութեան համար, ինչպէս ընդհանուր, այնպէս ալ Մերիլանտ նահանգի ծիրէն ներս:

Ծնունդով Մասաչուսէթս նահանգէն Լորիկ Չարքուտեան հանրային գործունէութեամբ  զբաղուած է աւելի քան երկու տասնամեակ: Սոցիալական արդարութիւն, խտրականութեան բացառում, ներգաղթեալներու եւ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ շարք մը այլ կարեւոր ընկերային խնդիրներ անոր աշխոյժ օրակարգի անբաժանելի մասն են:

Ան ընտրուեցաւ Մերիլանտի նահանգային խորհուրդ «Միացէք մեզի աւելի ներառական եւ արդար Մերիլանտ կառուցելու կարգախօսի ներքոյ: Մասնագիտութեամբ տնտեսագիտութեան դոկտոր Չարքուտեան զարգացուցած է միջնորդութեան կամ կողմերու միջեւ խնդիրներու կարգաւորման մէկ մոտել, որ միտուած է օգնելու համայնքի բնակիչներուն ինքնուրոյն կարգաւորել ծագած վէճերը:

Այսօր ան կը ղեկավարէ Մերիլանտի համայնքային միջնորդութեան կեդրոնը, որուն ծիրէն ներս այցելած է նահանգի բազմաթիւ հաստատութիւններ` դպրոցներէն մինչեւ կալանավայրեր, դատարաններ ու հիւանդանոցներ: Ան երկար տարիներ դեմոկրատական կուսակցութեան աջակից է եւ անդամ, կը կիսէ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը, որն ալ ըստ անոր դարձած է իր քաղաքական կողմնորոշման հիմնական դրդապատճառը:

Նորընտիր օրէնսդիրը յատկապէս կ՛ընդգծէ կուսակցութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը, ներառական մօտեցումներն ու բնապահպանութեան ոլորտին մէջ ունեցած դիրքորոշումը:

«Այս ամէնը հոգեհարազատ  եղած է  ինծի մանկութենէս ի վեր, ուստի երբ եկաւ ժամանակը որոշում կայացնելու, ինծի համար ակնյայտ էր ընտրութիւնը»,- կ՛ըսէ Չարքուտեան:

Անոր մշտական ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը գտնուի նաեւ ամերիկահայութիւնը յուզող խնդիրները: «Ակնյայտ է, որ կան խնդիրներ, որոնք կարեւոր են մեզի համար, մասնաւորապէս Ցեղասպանութեան ճանաչումը, այսօրուան իրավիճակը: Պէտք է վստահ ըլլանք, որ դաշնային կառավարութիւնը, որ կ՛իրականացնէ արտաքին քաղաքականութիւնը, աջակցող է հայկական օրակարգին»,- կը նշէ Չարքուտեան:

Որպէս ամերիկահայ, որուն նախնիները եղած են փախստականներ եւ երեք-չորս սերունդ առաջ ներգաղթած ԱՄՆ, ան կը գտնէ, որ ներգաղթի պատմական փորձը, որուն կը տիրապետէ այս երկիրը, ամերիկեան արժեհամակարգի կարեւոր մաս է: Ան կը  քննադատէ այսօրուան վարչակազմի քաղաքականութիւնն այս ոլորտին մէջ` այն համարելով վնասարար ԱՄՆ-ի վարկանիշին համար:

Scroll Up