«Իքոնոմիսթ»-ը Իր «Տարուան Երկիրը» Կը Հռչակէ Հայաստանը

Բրիտանական հեղինակաւոր «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը 18 Դեկտեմբերին հաղորդեց, թէ իր «Տարուան Երկիրը» ընտրած է Հայաստանը։

Թերթը կը շեշտէ, թէ որոշումը հիմնուած է յատկապէս այն իրողութեան վրայ, որ Հայաստանի մէջ մենատիրական կառավարութեան մը տապալումը խաղաղօրէն իրականացած է Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած ժողովրդային ցոյցերուն շնորհիւ՝ աւելցնելով, որ օրէնքի սահմաններուն մէջ իրականացած յեղափոխութիւնը ամրագրուեցաւ ընտրութիւններուն ընթացքին Փաշինեանի կուսակցութեան խլած քուէներուն 70 տոկոսով։

«Հայաստան մերժեց Փութինի օրինակով իշխանափոխութիւնը եւ ոչ ոք սպաննուեցաւ։ Ռուսիոյ ոչ մէկ առիթ տրուեցաւ միջամտելու։ Սակայն պէտք է զգուշացնել, որ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի հողային տարակարծութիւնը անլոյծ կը մնայ եւ կրնայ բռնկիլ։ Բայց, վաղեմի եւ յաճախ վատ կերպով կառավարուած երկիրը այդ անկայուն շրջանին մէջ առիթը ունի վերանորոգուելու եւ ամրապնդելու ժողովրդավարական կարգերը»,- կը գրէ թերթը։

Հայաստանի ամենամօտիկ մրցակիցները հանդիսացան Մալիզիան, որուն զեղծարար վարչապետը պաշտօնազրկուեցաւ երկրին քուէարկողներուն կողմէ, եւ Եթ-ովպիան, որուն նոր ղեկավարը յատկանշական քաղաքական բարեկարգումներ իրականացուց։

Թերթը այս լուրը կ՛աւարտէ անգլիատառ հայերէն գրելով՝ «Շնորհաւորում եմ»։

Scroll Up