Պաղտատի ՀԲԸՄ ՄԷջ Համերգ Նուիրուած ՀՀ 100-ամեակին

Դեկտեմբեր 14 , 2018թ.ին, ՀԲԸ միութիւնը կազմակերպած է համերգ-ձեռնարկ՝ նուիրուած ՀՀ անկախութեան 100-ամեակին: Համերգին ընթացքին «Սայաթ Նովա» երգչախումբը կատարած է հայկական եւ արաբական աւանդական երգեր։ Հայերն այսօր-ը այս մասին կը տեղեկանայ Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի կայքէջէն՝ iadmc.org:
Ձեռնարկին ներկայ էին՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեան, ՀՀ դեսպան Պրն. Հրաչեայ Փոլատեան, դեսպանութեան կցորդ Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, միութենական հաստատութիւններու վարչութիւնները եւ թեմիս զաւակներէն ներկաներ։
Ձեռնարկին աւարտին սոյն միութիւնը բարիգալստեան ընթրիք կազմկերպած է Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նորանշանակ դեսպանի պատուին։