Աննա Յակոբեանի Այցը Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն Աւարտուած Է Թօփալեան Վարժարանին Մէջ Ամանորեայ Հանդէսով

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի տիկին, «Իմ քայլը» եւ «City of smile» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն այցի վերջին օրը` դեկտեմբեր 16-ին համայնքային  շարք մը հանդիպումներ  ունեցած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնպրես»-ը, մասնաւորապէս, Զուիցերիոյ համադաշնութեան մէջ ՀՀ գործերու հաւատարմատար Անահիտ Յարութիւնեանի, զուիցերահայ բարերար եւ գործարար Վահէ Կապրաշի, Ճարտարապետ Իռմա Աւագեանի, «Ֆրագման» ընկերակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Գարիբեանի ուղեկցութեամբ տիկին Յակոբեան այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած «Յիշողութեան լապտերներ» յուշահամալիր: Աննա Յակոբեանին պատմած են յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, այն դժուարութիւնները, որոնց միջոցով անցած է համայնքը մինչ բացումը եւ այն խորհուրդը, որ կը կրէ յուշահամալիրը: Աննա Յակոբեան նախ շնորհակալութիւն  յայտնած է գործադրուած ջանքերուն համար եւ խոստովանած, որ տպաւորուած է յուշահամալիրով, քանի որ այն կ՛առանձնանայ իր տեսակով, ձեւով եւ պատմութեամբ:

Այցի յաջորդ կանգառը Ժընեւի հայկական Թօփալեան վարժարանն էր, ուր Աննա Յակոբեան մասնակցած է դպրոցի սաներու աւարտական հանդէսին: Վարժարանի տնօրէն, «Յակոբ Թօփալեան» հիմնադրամի նախագահ Անի Մեսրոպեան ներկայացուցած է հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ ոչ միայն Ժընեւի այլեւ հարեւան Ֆրանսայի  շարք մը քաղաքներու հայ մանուկները վարժարանի շնորհիւ կը սորվին մայրենի լեզուով գրել եւ կարդալ:

Իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնելով դպրոցի տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին հայրենանուէր գործունէութեան համար, Աննա Յակոբեան նշած է, որ վարժարանը կը կատարէ ամենակարեւոր առաքելութիւնը` հայ մանուկներուն կը սորվեցնէ մայրենի լեզու եւ կը կապէ հայրենիքին հետ:

Այցի ընթացքին Աննա Յակոբեան այցելած է նաեւ Զուիցերիոյ համադաշնութեան ՀՀ դեսպանատուն, ծանօթացած դեսպանատան առօրեային:

Այցի աւարտին Աննա Յակոբեան հարցազրոյց  տուած է Ժընեւի մէջ տպագրուող «Արձագանք» թերթին, խօսած Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն ունեցած իր ապրումներուն, Հայաստանի մէջ կնոջ դերի բարձրացման ինչպէս նաեւ իր գործունէութեան մասին:

 

 

Scroll Up