Աննա Յակոբեան Հանդիպումներ Ունեցած Է Զուիցերահայ Բարերարներու Եւ Գործարարներու Հետ

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի տիկին, «Իմ քայլը» եւ «City of smile» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն այցի ծիրէն ներս Ժընեւի մէջ բազմաթիւ հանդիպումներ  ունեցած է զուիցերահայ բարերարներու, գործարարներու եւ հիմնադրամներու նախագահներու հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Աննա Յակոբեանին ուղեկցած են Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մէջ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Անահիտ Յարութիւնեան ու «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Ղազարեան: Մասնաւորապէս, դեկտեմբեր 14-ին Աննա Յակոբեան հիւրընկալուած է «Արմէնիա» եւ «Ալիանս Արմէնիա» հիմնադրամներու նախագահ, զուիցերահայ գործարար եւ բարերար Վահէ Կապրաշին եւ տիկնոջը` Հիւգէթ Կապրաշին: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ «Փիլիպոսեան եւ Փիլոսեան» հիմնադրամի նախագահ Թերեզա-Ժենտրօ Յակոբեան, «Արմէնիա» հիմնադրամի տնօրէն Ժան-Վահէ Նիգոլեան, «Ալիանս Արմէնիա» հիմնադրամի տնօրէն Ալֆրետ Պագճեան, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիմնադրամի նախագահ Դանիէլ Փափազեան, «Յակոբ Թօփալեան» հիմնադրամի նախագահ Անի Մեսրոպեան, որ նաեւ Ժընեւի հայկական դպրոցի տնօրէնն է, Ճարտարապետ Իռմա Աւագեան, «Ֆրագման» ընկերակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Գարիբեան:

Հանդիպման զուիցերահայ բարերարները ներկայացուցած են իրենց ծաւալած գործունէութիւնը ինչպէս Զուիցերիոյ մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ` պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցիլ նոր ծրագիրներու կազմակերպման եւ իրականացման գործին: «Ֆրանսական ասացուածք կայ, ըստ որուն, լաւ սկսած բարեգործութիւնը ինքնըստինքեան կ՛ըլլայ: Ժընեւի մէջ գործող հայկական հիմնադրամները միասնական են, եւ միշտ կը հաւաքուին մէկ ընդհանուր գաղափարի շուրջ: Անով պայմանաւորուած է զուիյցերահայ համայնքի ուժեղ ըլլալը»,- ըսած է Վահէ Կապրաշը:  Րաֆֆի Գարիբեանն ալ նշած է, որ ընդունուած  կարծիք է, որ սփիւռքը անհրաժեշտ է Հայաստանին, «Բայց սփիւռքը հէնց Հայաստանի մէջ պէտք է գործէ, եւ հէնց ատիկա է պատճառը, որ դիմած եմ եւ ստացած Հայաստանի քաղաքացիութիւն»,- ըսած է Րաֆֆի Գարիբեան` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ գարնան տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ ոգեւորուած է եւ որոշած, որ պէտք է ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր եւ իր գործունէութիւնը ծաւալէ նաեւ հայրենիքի մէջ:

 Նոյն օրը Աննա Յակոբեան հիւրընկալուած է նաեւ սփիւռքահայ մեծ բարերար «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ի նախագահ Ալպեր Պօղոսեանին եւ տիկնոջ Մոկճան Պօղոսեանին: Հանդիպման ներկայ էին գործարար Մարք Աւագեանը, «Աւագեան գորգեր» գործարանի սեփականատէր Յակոբ Աւագեանը, արուեստագէտ Փիեռ Քուքճեանը: Դեկտեմբեր 15-ին Աննա Յակոբեան այցելած է աշխարհահռչակ «Ֆրանք Միւլեր» գործարան եւ հանդիպած գործարար Վարդան Սրմաքեշին եւ Արտէն Շելեֆեանին: Նոյն օրը երեկոյեան տիկին Յակոբեան հիւրընկալուած է Թալին Աւագեանի տունը, հանդիպած ՀԲԸՄ Զուիցերիոյ   կոմիտէի կանանց:

 Վերոնշեալ բոլոր հանդիպումներուն ժամանակ, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն համայնքին մէջ աշխոյժ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին տասնեակ տարիներ շարունակ տարբեր ծրագիրներով աջակցելու համար, Աննա Յակոբեան ներկայացուցած է իր ղեկավարած երկու հիմնադրամներու գործունէութիւնը, մանրամասն պատմած, թէ գործունէութեան այս կարճ ժամանակահատուածին ինչպիսի ծրագիրներ  իրականացուած են եւ հիմնադրամներն ինչպիսի նպատակներ կը հետապնդեն ու ինչպիսի ծրագիրներ  կը նախատեսեն իրականացնել յառաջիկային:

 Հանդիպումներու արդիւնքով ձեռք  բերուած են  շարք մը պայմանաւորուածութիւններ, հնչած են ապագայ համագործակցութեան ուղղուած շարք մը առաջարկութիւններ:

Scroll Up