«Երիտասարդները Մեր Ազգի Ապագան Են, Հետեւաբար Ամէն Ջանք Պիտի Թափենք՝ Զանոնք Մօտեցնելու Մեր Եկեղեցիին». Հայր Եղիա եպս. Եղիայեան

«Նոր Յառաջ»-ի հարցազրոյցը Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Արհիապատիւ Հայր Եղիա եպիսկ. Եղիայեանի հետ:
«Նոր Յառաջ» – Նախ կը շնորհաւորենք ձեր անուանումը որպէս Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ։ Դուք Լիբանանէն հոս փոխադրուած էք։ Ինչպէ՞ս են ձեր առաջին տպաւորութիւնները։
Հայր Եղիա եպիսկ. Եղիայեան – Եկեղեցական աշխատանքի մակարդակով վստահաբար շատ տարբերութիւն կայ արեւելքի եւ այստեղի միջեւ։ Իսկ ազգային գետնի վրայ, ես անդրադարձայ թէ ֆրանսահայ գաղութը որքա՜ն մեծ աշխատանք տարած է, երբ ներկայ գտնուեցայ Պրն. Արա Գրիգորեանի նոր լոյս տեսած գիրքին՝ «Զինուորեալի մը օրագիրը» շնորհահանդէսին։ Դուրսէն դիտելով կ՚ենթադրէի, թէ համայնքը ձեւով մը մերուած ըլլալով ֆրանսական միջավայրին մէջ, ազգային առումով այլեւս հալած ու լռած է։ Բայց զգացի, որ տակաւին Հայեր կան, որոնք կը շարունակեն հաւատալ Հայ դատին, Ցեղասպանութեան ճանաչումին։ Վերջերս ներկայ եղայ նաեւ «Հայաստան» հիմնադրամի դրամահաւաքի փակման հանդիսութեան։ Պէտք է ըսել, թէ քաջալերելի երեւոյթ է ներկայութիւնը այն հարիւրաւոր կամաւորներուն, որոնք կ՚աշխատին յանուն Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան։ Ատիկա ինծի շատ տպաւորեց եւ որոշեցի ազգային կեանքէն հեռու չմնալ եւ մասնակցիլ համայնքային ձեռնարկներուն՝ առանց խտրութեան։ Ըսեմ, թէ մօտէն կը հետեւիմ ֆրանսահայ մամուլին, հոն լոյս տեսած համայնքային յայտարարութիւններուն, որոնք շատ ճոխ են։ Անշուշտ ապրելով պիտի տեսնեմ այս բոլորը։
Իսկ եկեղեցական կեանքին աշխատանքը –ինչպէս ըսի– Լիբանանէն շատ տարբեր է։ Այնտեղ 40 տարի պաշտօնավարած եմ, չորս տարի ալ Իտալիա (Հռոմ) եղած եմ՝ իբրեւ մեծաւոր Լեւոնեան դպրեվանքին։ Պէտք է ըսել, թէ Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ ժողովուրդը եկեղեցիին աւելի կը վստահի, քան՝ պետութեան, նկատի ունենալով, որ ամէն հարցի համար Հայը նախ կը դիմէ եկեղեցիին՝ պսակ, մկրտութիւն, յուղարկաւորութիւն, եւ այլն։ Հոս եկեղեցական կեանքին ժողովուրդին մասնակցութիւնը ձեւով մը պարագայական է, կամ՝ ժամանակաւոր։ Արեւելքին բաղդատմամբ Ֆրանսայի մէջ մեր եկեղեցիները դատարկ են։ Մարդիկ աւանդութիւնը պահպանելու կամ նորոգուելու յոյսով է, որ կը մասնակցին հովուական կեանքին։ Անշուշտ պէտք չէ յուսահատիլ եւ հարկ է ամէն ճիգ թափել՝ համայնքը եկեղեցիին շուրջ համախմբելու։ Պէտք է առիթներ ստեղծել –տեղական մեր ժողովրդապետերու եւ ծխական հայրերու հետ խորհրդակցաբար–, որպէսզի ժողովուրդը կապուի եկեղեցիին ու ազգին։ Միաժամանակ այլամերժ չենք եւ կը քաջալերենք ժողովուրդը, որ մասնակցի նաեւ ֆրանսական եկեղեցիներու ձեռնարկներուն եւ աշխատանքներուն, բայց միշտ կը պնդենք չմոռնալ հայութիւնը, որ ունի լեզու, մշակոյթ, ծէս եւ աւանդութիւններ։ Ճիշդ է որ լեզուն պահելու հարցը քիչ մը դժուար է, քանի կը տեսնեմ, թէ նոյնիսկ ամենէն հայասէրները ֆրանսերէն կը խօսին։ Հարկաւ այս երեւոյթը արգելք չէ զգացումին կամ ապրումին, սակայն դիւրաւ մարսելի «պատառ» մը չէ։ Միւս կողմէ ալ երբեմն ստիպուած ենք եկեղեցւոյ մէջ ֆրանսերէն խօսելու, եթէ կ՚ուզենք որ ըսուածները հասկնալի ըլլան հաւատացեալներուն։
«ՆՅ» – Կրնայի՞ք Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն ցանցին ամբողջական պատկերը ներկայացնել։
Հ.Ե.Ե. – Ես տակաւին մօտէն ծանօթ չեմ, սակայն կրնամ ցարդ ինծի ներկայացուածին պատկերը տալ։ Մենք Հայ կաթողիկէ թեմ մը ունինք, որուն կեդրոնը Փարիզ կը գտնուի (rue Thouin), նաեւ՝ զանազան ժողովրդապետութիւններ (paroisse) կը գործեն տարբեր քաղաքներուն մէջ։ Մեր համայնքի անդամներուն թիւը կ՚ըսուի 30-35 հազար է, բայց ճշգրիտ պատկեր մը չեմ կրնար տալ։ Նախատեսած ենք մարդահամարի աշխատանք տանիլ։ Փարիզի մէջ ունինք ծխական եկեղեցի մը՝ Սուրբ Խաչ անունով, ուր կը ծառայէ Հայր Յովսէփ ծ.վրդ. Քելեքեանը։ Եկեղեցիին հովուական իշխանութեան տակ կը գտնուի մօտաւորապէս 1000-1500 ընտանիք։ Արնուվիլի մէջ ալ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ անունով ժողովրդապետութիւն մը ունինք, որուն կը ծառայէ արժանապատիւ Տէր Պետրոս քհնյ. Համալեան, որ նոր եկած է Լիբանանէն եւ խանդով ու եռանդով անձ մըն է։ Այս եկեղեցին կը համախմբէ 100-150 ընտանիքներ։ Մարսիլիոյ մեր համայնքին կը ծառայէ Տէր Սուքիաս վարդապետը։ Մարսիլիոյ եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ հաստատուած են 400-600 Հայ կաթողիկէ համայնքի ընտանիքներ։ Լիոնի շրջանի Վիլէօրպան քաղաքին մէջ ալ Հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող մօտաւորապէս 200-300 ընտանիք կ՚ապրի, ծառայութեամբ՝ հայր Գէորգ ծ.վրդ. Նորատունկեանի։ Սէն Շամոնի մէջ մեծ համալիր մը ունինք՝ եկեղեցի, սրահ եւ կողմնակի գրասենեակներ, որու շուրջ համախմբուած է 100-150 ընտանիք, որոնց կը ծառայէ հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Ադամեան։ Իսկ Վալանսի մէջ Մխիթարեան հայրերէն փոխ առնուած հայր Գրիգոր վրդ. Միքայէլեանը կը ծառայէ, որ հազիւ 5-6 ամիս է, որ հոն է։ Այնտեղ եկեղեցի չունինք, փոխարէնը յարկաբաժին մը ունինք, ուր կը բնակի ծխատէրը։ Իսկ եկեղեցական արարողութեանց համար կը գործածենք ֆրանսական եկեղեցի մը, որ մեր տրամադրութեան տակ դրուած է։ Հոն մեր համայնքին անդամները մեծ թիւ չեն կազմեր, հազիւ՝ 100 ընտանիք։ Պէտք է ըսել, որ մեր եկեղեցիներու կողքին ընկերակցութիւններ ունինք, որոնք կ՚օգնեն իւրաքանչիւր շրջանի վարդապետերուն՝ անոնց նիւթական կարիքները հոգալով։ Վալանսի, Սէն Շամոնի եւ Լիոնի մէջ ունինք նաեւ երիտասարդական կազմակերպութիւններ։ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ եւ Արնուվիլի մէջ ալ փոքրիկ համամիութիւններ կը գործեն, որոնք նաեւ կը կազմակերպեն հայերէն լեզուի կամ քրիստոնէական գիտելիքներու դասընթացքներ։ Ըսեմ, թէ մենք նաեւ պզտիկները հաղորդութեան կը պատրաստենք, որպէսզի 9-10 տարեկանին պատրաստ ըլլան ընդունելու հանդիսաւոր սուրբ հաղորդութիւնը։
Աւելցնեմ, թէ Հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող Սուրբ Մեսրոպ կեդրոնը մշակութային գործունէութեանց կը ծառայէ։
«ՆՅ» – Ո՞վ կը նախագահէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրօնական ժողովին։ Աշխարհական մը կրնա՞յ այդ պաշտօնը վարել։ Նաեւ՝ բոլոր վարդապետերը վարչութեան անդա՞մ են։
Հ.Ե.Ե. – Կրօնական ժողովին կը նախագահէ առաջնորդ եպիսկոպոսը, ի պաշտօնէ։ Աշխարհական մը կրնայ փոխ նախագահ ըլլալ։ Իսկ վարդապետերը ի պաշտօնէ չեն կրնար անդամ ըլլալ։ Սակայն եպիսկոպոսը իր կողմէ կրնայ անուանել վարդապետ մը կամ աշխարհական մը, իսկ մնացած անդամները կ՚ընտրուին համամիութեան ժողովին կողմէ։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ իշխողը եկեղեցական տարրն է, որ կը ներդաշնակէ բոլոր աշխատանքները։
«ՆՅ» – Լրատու աղբիւրները յաճախ կ՚անդրադառնան Միջին Արեւելքէն մեծ թիւով քրիստոնեաներու գաղթին։ Որքանո՞վ ստոյգ են այդ լուրերը։
Հ.Ե.Ե. – Այդ լուրերը իրականութեան կը համապատասխանեն։ Լիբանանի, Սուրիոյ կամ Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն գրեթէ կէսը գաղթած է օտար երկիրներ՝ Եւրոպա, Ամերիկա, Գանատա, Աւստրիալիա։ Բայց միաժամանակ այդ գաղթողները կը զօրացնեն իրենց ապաստանած երկիրներուն գաղութները։ Եթէ նկատած էք, ամենուր, գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ արեւելքէն եկածները մեծամասնութիւն կը կազմեն եւ եռանդուն կ՚աշխատին։ Ես կ՚ըսէի, թէ երեւոյթը «ուրախ վնաս» մըն է։ Միւս կողմէ, անշուշտ մեծ մտահոգութիւն է Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներուն զանգուածային գաղթը, թէ հոն ի՞նչ ճակատագրի պիտի ենթարկուին մեր մշակութային հաստատութիւնները, կեդրոնները, դպրոցները…։ Չենք ալ կրնար մեղադրել, որովհետեւ մարդիկ աւելի ապահով վայրեր կը փնտռեն եւ մտահոգ են իրենց զաւակներուն ապագայով։ Ես կրնամ Լիբանանի օրինակը բերել, ուր երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը Ծոցի երկիրներուն մէջ կ՚աշխատի եւ դրամ կը ղրկէ իր ընտանիքին։ Պէտք է ըսել, թէ քաղաքական աննպաստ կացութիւնը կամ հրէական պետութեան արաբ-պաղեստինցիներու հանդէպ անհաշտ քաղաքականութիւնը մեծապէս կը վնասէ մեր ժողովուրդին, հակառակ որ ան զգացումով շատ կապուած է իր ծննդավայրին։
«ՆՅ» – Նախքան պատերազմը Հայ համայնքը Միջին Արեւելքի մէջ ի՞նչ թիւ կը կազմէր եւ այսօր ի՞նչ է պատկերը։
Հ.Ե.Ե. – Կրնամ ըսել, թէ Սուրիոյ պատերազմէն ի վեր մեր համայնքին գրեթէ կէսը մնացած է։ Օրինակ Սուրիոյ շուրջ 150 հազար հայութենէն ներկայիս համարեա մէկ երրորդը հոն կը բնակի։ Նոյնն է պարագան Լիբանանի, ուր այսօր հազիւ թէ 60-70 հազար հայ մնացած է։
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի Հայ կաթողիկէ համայնքին, ապա 10 հայու վրայ մէկը Հայ կաթողիկէ է։ Անշուշտ հոն մենք ունինք վարժարաններ, ուր բացարձակ մեծամասնութիւնը առաքելական ընտանիքներու պատկանող աշակերտներ են, նկատի ունենալով որ մենք ձեւով մը չէզոք դաստիարակութիւն կու տանք եւ կուսակցական կամ յարանուանական հակումներ չունինք։ Կը կարծեմ, որ մենք լաւագոյն դաստիարակութիւնը կու տանք մեր երախաներուն։
«ՆՅ» – Լիբանանի Մխիթարեան վարժարանը ի՞նչ կացութեան մէջ կը գտնուի։
Հ.Ե.Ե. – Մխիթարեանները ընդհանրապէս տկարացած վիճակ մը կը պարզեն, նկատի ունենալով որ նոր վարդապետեր չեն ձեռնադրուիր եւ ատոր համար ալ Հայաստանէն հոգեւորականի կոչում ունեցող երիտասարդներ կը հայթայթեն։ Վարժարաններն ալ այլեւս անցեալի փառքը չունին…։
«ՆՅ» – Դուք այստեղ ձեր առաքելական գործունէութեան մէջ երիտասարդներուն հետ ի՞նչպիսի կապերու մշակում կը նախատեսէք։
Հ.Ե.Ե. – Երիտասարդները մեր ազգի ապագան են, հետեւաբար ամէն ջանք պիտի թափենք՝ զանոնք մօտեցնելու մեր եկեղեցիին։ Գիտէք լեզուի հարցը մեծ դեր ունի հայ երիտասարդութեան օտարացման առումով։ Պէտք է դիւրութիւններ եւ զանազան առիթներ ստեղծել, որպէսզի անոնք քաջալերուին եւ մասնակցին մեր եկեղեցական եւ մշակութային կեանքին։
Ինչպէս ծանօթ է, Արեւելքի մէջ մեր մշակոյթը շատ զարգացած է, բաղդատած՝ արաբականին։ Իսկ հոս, Ֆրանսական մշակոյթը ուղղակի կը շլացնէ հայ երիտասարդը։ Անցեալին որոշներ նոյնիսկ իրենց անունը փոխած են դիւրութեամբ մերուելով այդ մշակոյթի մէջ եւ երբեմն բարձր դիրքերու ալ հասած են։ Պէտք է ըսել, թէ 1988-էն ասդին մեր երիտասարդութեան մօտ նշմարելի է ազգային զարթօնքը։ Հայը այլեւս կը զգայ իր ինքնութիւնը պահելու հրամայականը։ Այս երեւոյթին մէջ անշուշտ մեծ դեր ունեցաւ Շառլ Ազնաւուրը։
«ՆՅ» – Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքէն ներս անոր ունեցած գործառոյթները՝ համայնքը եկեղեցւոյ մօտ պահելու կարեւոր ազդակներ են։ Իսկ Ֆրանսայի մէջ բազմաթիւ ընկերային եւ հասարակական գործառոյթներ կան, որոնք պետութիւնը ստանձնած է։ Ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է պաշտամունքի եւ հաւատքի վրայ առաւել կեդրոնացած եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը ձեւով մը աշխուժացնել։
Հ.Ե.Ե. – Կրօնական եւ եկեղեցական արարողութիւններուն կողքին պէտք է նաեւ ընկերային կամ մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպել եւ զանոնք ագուցել կրօնականին։ Այսինքն՝ հոգեւոր բաժինը այնպէս մը ներառել, որ ժողովուրդին համար գրաւիչ ըլլայ։ Ես այստեղ այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատիմ։
«ՆՅ» – Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէիք Փրանկիսկոս Պապին Հայաստան այցելութիւնը։
Հ.Ե.Ե. – Սրբազան քահանայապետին Հայաստան այցելութիւնը պատմական երեւոյթ էր։ Ան Ծիծեռնակաբերդ այցելելով աշխարհին յայտարարեց, թէ 1915-ին Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայը քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունած առաջին ժողովուրդն է։
Տեսակցեցաւ՝
Ժիրայր Չոլաքեան