Հ. Հ. Հիմնադրման 100-ամեակին Նուիրուած Երաժշտութեան Երեկոյ Գոքինիոյ Մէջ

Հովանաւորութեամբ՝ Յունաստանի մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար տիկ. Միրսինի Զոպիայի, եւ կազմակերպութեամբ՝ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան, Երկուշաբթի՝ 3 Դեկտեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 8։30ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աթէնքի պետական սեմֆոնիք նուագախումբի ելոյթը, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած եւ որպէս այս տարուան եզրափակիչ պաշտօնական հանդիսութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը:
Ձեռնարկին նախագահեց Յունաստանի հայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ընդառաջելով՝ յղուած հրաւէրներուն, ելոյթին ներկայ գտնուեցան Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆաթէյ Ջարչօղլեան, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչը՝ Տիմիթրիոս Վարդապետ, յոյն եկեղեցւոյ Սինոտի ներկայացուցիչ Իղնաթիոս Ծ. Վարդապետ, Ատտիկէի հայ հոգեւոր հովիւները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան, Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչ պրն. Սերգօ Գույումճեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, թեմական պատգամաւորական ժողովի երեսփոխաններ, Թաղային Խորհուրդներու եւ Տիկնանց Մարմիններու անդամներ եւ աննախընթաց մեծ թիւով ժողովուրդ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Արաքսի Աբէլեան։ Ան յանուն Ազգային Վարչութեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց օրուան ելոյթին առիթն ու նպատակը։ Տիկ. Աբէլեան խօսքի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մշակոյթի նախարար տիկ. Զոպիային, որ ընդառաջելով Ազգային Վարչութեան փափաքին՝ միասնաբար կազմակերպեցին ելոյթի ծրագիրը եւ նախարարութիւնը ստանձնեց նաեւ ձեռնարկին հովանաւորութիւնը։
Ապա՝ Աթէնքի պետական սեմֆոնիք նուագախումբը (16 հոգինոց), ղեկավարութեամբ՝ մաէսթրօ պրն. Նիքոս Խալիասասի եւ մենակատարութեամբ յօրինող ու թաւջութակահար պրն. Տիմիթրիս Ղուզիոսի, ներկայացուց մէկ ժամ տեւողութեամբ բիւզանդական ու հայկական դասական երաժշտութիւն։ Ելոյթին իւրայատուկ փայլք ու ջերմութիւն տուաւ նաեւ Սելանիկէն յատկապէս հրաւիրուած օփերայի երգչուհի՝ Սոփրանօ տիկ. Սիրանուշ Չալիքեան, որ Յունաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով մենակատարութեամբ մեկնաբանեց Առնօ Պապաճանեանի Vocalisը, զոր հայրենի երաժիշտը յօրինած է սոփրանոյի համար՝ նուագակցութեամբ լարային փոքրաթիւ նուագախումբի։
Ձեռնարկի աւարտին հրաւիրուեցաւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ իր խօսքը ուղղելու։ Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց մշակոյթի նախարարին՝ Ազգային Վարչութեան առաջարկին ընդառաջման ու սերտ գործակցութեան համար։ Սրբազան Հայրը ապա գնահատեց պետական սեմֆոնիք նուագախումբին ղեկավարը, անդամները, մենակատար թաւջութակահարն ու երգչուհին՝ մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւն։ Ան բարձր գնահատեց յոյն պետութեան ու ժողովուրդին, երկար տասնամեակներ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին հանդէպ ցուցաբերած իրենց բարի տրամադրութեան, աջակցութեան ու գործակցութեան ոգիին համար։ Սրբազան Հայրը այս առթիւ մէջբերեց յոյն ժողովուրդի պատմութեան մէջ նշանաւոր վարչապետ Էլեֆթէրիոս Վէնիզելոսի կարեւոր խօսքը, զոր ան ըսած էր Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին.¬ «Յունաստանի մէջ ապրող հայերը խնայեցէք, մի ղրկէք պատերազմի դաշտ, որովհետեւ անոնք հետագային պէտք պիտի ըլլան Հայաստանի համար»։
Երաժշտական ելոյթը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց։ Յունահայ կեանքէն ներս հազուադէպ այդ ձեռնարկը մեծաթիւ ներկայ բազմութեան լաւագոյնս տպաւորեց ու գոհունակութիւն պատճառեց։
Աւարտին, Ազգային Վարչութիւնը եկեղեցւոյ սրահին մէջ յատուկ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպեց նուագախումբի անդամներուն ի պատիւ։