Սթամպուլի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Սերգէյ Փարաջանովին Նուիրուած Ցուցահանդէս Բացուած է
Աշխարհահռչակ հայ բեմադրիչ եւ արուեստագէտ Սերգէյ Փարաջանովի ստեղծագործութիւնները, տարատեսակ իրերէ պատրաստուած կերպարուեստի նմուշները առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրութեան ներկայացուած են Սթամպուլի մէջ՝ Բերայի թանգարան։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ «Փարաջանով, Սարգիսի հետ» խորագիրով ցուցահանդէսը պիտի գործէ 2018 Դեկտեմբեր 13-էն մինչեւ 2019 Մարտ 17։ Ցուցահանդէսին անդրադարձած է թրքական birgun.net լրատուական կայքը՝ նշելով, որ այս ցուցահանդէսը «Պոէթիկ շարժանկարի մեծագոյն վարպետներէն մէկը հանդիսացող արուեստագէտի արտառոց երեւակայական աշխարհը կ՝արտացոլացնէ»։
Ցուցահանդէսը իրականութիւն դարձած է Սթամպուլի Բերայի թանգարանի եւ Երեւանի Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանի համագործակցութեան շնորհիւ։ Անիկա նուիրուած է Մեծ վարպետի ծննդեան 95-ամեակին։
Փարաջանովի թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեանի համակարգումով կազմակեպուած ցուցահանդէսին ներկայացուած են արուեստագէտի տարաբնոյթ ստեղծագործութիւնները՝ նկարներ, կոլաժներ, զարդանախշեր, ֆիլմերու դրուագներու էսքիզներ, բեմական հագուստի նմուշներ, խճանկարներ, լուսանկարներ եւ այլն։
Փարաջանովի հաւաքածուն ներկայացուած է աշխարհի 30-է աւելի քաղաքներու մէջ, սակայն Սթամպուլի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսը՝ կազմակերպիչներուն խօսքով՝ ամենամեծն է։
Մասնաւորապէս Զաւէն Սարգսեան ցուցահանդէսին առնչութեամբ ըսած է,- «Սթամպուլի մէջ իրականացուող այս ցուցահանդէսը Փարաջանովի թանգարանի պատերէն դուրս կազմակերպուած ամենամեծ ցուցահանդէսն է։ 1989-ին մեծ արուեստագէտի այցելած քաղաքին մէջ, որմով հմայուած է Փարաջանովը, ուզեցինք հնարաւորինս հարուստ բովանդակութեամբ ցուցահանդէս ներկայացնել։ Յոյսով ենք, որ այս ցուցահանդէսը պիտի ջերմացնէ մարդոց սրտերը եւ պիտի նպաստէ մեր ժողովուրդներու մերձեցման»։