Հայոց եւ Յունաց Ցեղասպանութեանց Նիւթով Նկարներու Ցուցադրութիւն Ռոտոսի Մէջ
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ «Համազգային»ի Ռոտոսի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղին համագործակցութեամբ, Դեկտեմբեր 16-ին, Ռոտոսի «Սպանական մշակոյթի տան» մէջ, տեղի պիտի ունենայ հայերու, յոյներու եւ կիպրացիներու պատմութեան վերաբերող փաստավաւերագրական նկարներու ցուցադրութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ Յունաստանի «Ազատ օր»-ը։
Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման Միջազգային օրուան առիթով՝ հովանաւորութեամբ Յունաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Ռոտոսի քաղաքապետութեան:
Ցուցադրութեան բացումը տեղի պիտի ունենայ սոյն օրուան երեկոյեան ժամը 6-ին։ Բացման խօսքերով հանդէս պիտի գան ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Կիպրոսի եւրոերեսփոխան
տիկին Էլէնի Թէոխարուս եւ լրագրող Սավաս Գալէնտէրիտիս:
Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ 16 — 21 Դեկտեմբեր ամէն օր՝ առաւօտեան ժամը 10-1 եւ երեկոյեան ժամը 5-7: