Աղիտալի Երկրաշարժին 30 –րդ Տարելիցի Ոգեկոչումը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանէն Ներս

7 Դեկտեմբեր 1988 –ին, ՀՀ հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժ մը, որ հետագային անուանուեցաւ Սպիտակի երկրաշարժ, որուն հետեւանքով զանգուածային վնասներու եւ փլուզումներու ենթարկուեցան հազարաւոր շինութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ նահատակուեցան: Մեծ վնաս հասաւ նաեւ ճարտարապետական, պատմական եւ արուեստի յուշարձաններուն:
Աղիտալի երկրաշարժին երեսնամեակին առիթով 7 Դեկտեմբեր 2018 -ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչում՝ ներկայութեամբ օրուան հիւր բանախօս՝ Տիար Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ ծնողներու: Այս մասին կը տեղեկացնեն Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանէն:
Յայտագիրը սկսաւ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք վարժարանիս Հայ Գրականութեան եւ Հայոց Պատմութեան դասատու՝ Պարոն Աւետիս Տիպան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ բանաստեղծ Արամայիս Սահակեանի հետեւեալ խօսքին. «Այս ինչ պատահեցաւ հայոց աշխարհին, ողբերգութիւն է համաշխարհային: Բուռ մը ազգ էինք, դարձանք կէս բուռ, իսկ այդ կէս բուռը դարձաւ լուռ արտասուք»: Սոյն խօսքով բնորոշուեցաւ Հայաշխարհի 20-րդ դարու ամէնէն ահռելի երկրաշարժը՝ Սպիտակի երկրաշարժը, որուն ուժգնութիւնը տարածուեցաւ շրջանի քաղաքներուն ՝ Գիւմրի, Վանաձոր, Ստեփանաւան, հասնելով նոյնիսկ քաղաքամայր Երեւան: Ան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ, թէ այս երկրաշարժը գլխիվար դարձուց մարդոց կեանքը, երկիրը, ապագան եւ այնպիսի սարսափելի վէրք մը ձգեց, որ հաւանաբար կը սպիանայ սերունդներ յետոյ: Վերջապէս ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ այսօր համայն հայութիւնը քաջասրտութեամբ ու գոյատեւելու ջանասիրութեամբ, չնայելով բոլոր այդ կորուստներուն ու ցաւերուն, պիտի շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել, աշխարհին սփռելով Աստուծոյ շնորհած մշտավառ ջահը յանուն խաղաղութեան ու յաւերժութեան:
Ապա բեմահարթակ բարձրանալով Միջն. Բ. դասարանէն Մոսիկ Տէօլտիւրեան եւ Նախ. Զ. դասարանէն Մանուէլ
Պորանեան ներկայացան սքանչելի երկլեզու զուգերգով մը՝ «Հայաստանին» եւ «Pour toi Armenie», վառ պահելով Շարլ Ազնաւուրի անթառամ յիշատակը: Հոս տեղին է յիշել, թէ երկրաշարժին լուրը Հայաստանի վրայ սեւեռեց համայն մարդկութեան ուշադրութիւնը: Մայր հայրենիքին լայն աջակցութիւն ձեռք մեկնեց նաեւ սփիւռքահայութիւնը, որ համախմբուեցաւ եւ ստեղծեց «ՍՕՍ Արմենիա», «Ազնաւուրը Հայաստանին» եւ այլ տասնեակ կազմակերպութիւններ, որոնք նիւթական եւ բարոյական մեծ օգնութիւն ցոյց տուին հայրենաբնակ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Յայտագիրը շարունակուեցաւ «Սպիտակի երկրաշարժի Զոհերի» խմբային
արտասանութեամբ, Նախ. Դ. եւ Նախ. Ե. դասարաններու խումբ մը աշակերտներու կատարողութեամբ: Ներկաներուն յուզումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Նախ. Գ. դասարանը ՝ ներկայացաւ « Հայ ազգը նման է վերածնուած Փիւնիկի» թատերախաղով , որուն ընդմէջէն ներկայացուցին երկրաշարժին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Նախ. Գ. դասարանի աշակերտ Պերճ Գոմպէճեանի մեծ մօր նահատակութիւնը՝ սոյն երկրաշարժին, եւ հայ ազգի վերականգնումը: Ապա Միջն. Ա. եւ Բ.,Նախ.Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները ներկայացան Տիար Համբիկ Մարտիրոսեանի « Իմ Սիրուն Հայրենիք» բանաստեղծութեամբ: Տեղի ունեցաւ նաեւ տեսերիզի ցուցադրութիւն: Վերջապէս Պարոն Աւետիս Տիպան ներկայացուց օրուան բանախօս՝ Պրն. Համբիկ Մարտիոսեանի կենսագրականը, անդրադառնալով, թէ ան եղած է բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարագիր ու խմբագիր (նեկայիս գլխաւոր խմբագիրն է ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի), որ աշխատակցած է լիբանանահայ «Զարթօնք», «Ազդակ» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն, ինչպէս նաեւ՝ «Նայիրի» շաբաթաթերթին ու սփիւռքահայ մամուլին: Ան անդամ եղած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ Հայաստանի Ժուռնալիստներու Միութեան: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Գրողներու Միութենէն, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարէն, ՀՀ վարչապետէն եւ ՀՀ նախագահին կողմէ՝ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
Բանախօսը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ իրեն համար շատ դժուար է խօսիլ երկրաշարժի մասին: Երեսուն տարիներ առաջ երբ Հայաստանի մէջ ամէն մարդ կը սպասէր դիմաւորելու Նոր Տարին, պատահեցաւ անսպասելին: Քառասուն երկվայրկեանի մէջ փուլ եկաւ Հայաշխարհը: Ապա, ան մանրամասնօրէն խօսելէ ետք երկրաշարժի իրադարձութիւններուն մասին , ըսաւ թէ անկէ քաղելիք ուսանելի դասը այն է, թէ հարկաւոր է ուշադրութիւն դարձնել շէնքերու շինարարութեան եւ հակաերկրաշարժային միջոցներու օգտագործման: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, որ մեր ժողովուրդը, որ տեսած է եղեռնը, Սարդարապատի
ճակատամարտը, Արցախեան պատերազմը եւ աղէտալի երկրաշարժը, ապացուցած է որ մեր հաւաքական աշխատանքին մէջ է մեր ուժը: Բանախօսը իր խօսքը եզրափակեց, ըսելով, թէ ուրախ է որ կ’ոգեկոչենք երկրաշարժին յիշատակը եւ այն ժողովուրդը, որ գիտէ յարգել իր մեռելները, արժանի է ապրելու:
Վերջապէս   վարժարանիս   տնօրէնուհի՝   Տիկ. Կալինա   Նաճարեան   բեմահարթակ   հրաւիրեց   Տիար    Համբիկ
Մարտիրոսեանը, որ սիրայօժար ընդառաջած էր վարժարանիս հրաւէրին  եւ յուշանուէրով   մը   պատուեց   զայն:
Իր  հազարամեայ   պատմութեան   ընթացքին,  հայ   ժողովուրդը   դիմակայած  է   բազմաթիւ         փորձութիւններ,
յաղթահարած է բազմաթիւ արգելքներ եւ անցած է շատ արհաւիրքներու մէջէն: Ան ապացուցած է, թէ ի զօրու է կրկին խոյանալու եւ երկինքին մէջ թեւածելու ինչպէս վերածնուած Փիւնիկ մը:

Scroll Up