Զահլէի Հայկական Շուկայի Անուանում

Շաբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին,  Զահլէի մէջ Հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակին ջանքերով տեղի ունեցաւ Հայկական շուկայի անուանումը, կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ  Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, նախկին երեսփոխան Էլի Մարունի, Զահլէի քաղաքապետ Ասաատ Զղէյպ, Զահլէի առեւտրականներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ եւ Զահլէի բնակչութեան հոծ բազմութիւն մը:

100 տարուան կեանք ունեցող այս շուկային հայկական անուանումին առիթով` երեսփոխան Յ. Բագրատունի իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Այսօր համախմբուած ենք հոս` այս տօնակատարութեան, հայկական այս շուկային պաշտօնական անուանումը կատարելու: Զահլէ-Մաալաքա Թաանայէլի քաղաքապետական խորհուրդը` նախագահութեամբ Ասաատ Զղէյպի, քաջ եւ յանդուգն որոշում տուաւ ժողովրդային շուկան կոչելու Հայկական շուկայ` տեղւոյն իշխանութեան պաշտօնական որոշումով: Այս առիթով շնորհակալութիւն եւ յարգանք կը յայտնենք` արժեւորելով ձեր քաջ որոշումը:

Պէտք է նաեւ անդրադառնալ այն իրականութեան, որ այդ որոշումին զուգահեռ վերանորոգուեցաւ եւ կուպրապատուեցաւ քաղաքապետարանին կից ճամբան, ինչպէս նաեւ անիկա լուսաւորուեցաւ Զահլէի ելեկտրական ընկերութեան կողմէ»։

Scroll Up