Կարօ Մուրատը Տիտղոսը Կը Պաշտպանէ Դեկտեմբեր 15-ին

Գերմանիան ներկայացնող հայ բռնցքամարտիկ Կարօ Մուրատը յաջորդ մենամարտը տեղի կ՛ունենայ  դեկտեմբեր 15-ին: Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ: Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ շուէտացի Սուէն Ֆորնլինկը: Այդ մասին 34-ամեայ Մուրատը գրած է ընկերային ցանցերուն մէջ:

Այդ մենամարտին կը վիճարկուի կիսածանր քաշային կարգին մէջ IBO վարկածով աշխարհի ախոյեանի գօտին, որ կը պատկանի հայ բռնցքամարտիկին:

Յիշեցնենք, որ Կարօ Մուրատը  նախորդ մենամարտը անցուցած էր մարտ 24-ին` նոկաուտով յաղթելով  ամերիկացի Տրեւիս Ռեւեսին: Մուրատը 32-րդ յաղթանակը  տարած էր ռինկի վրայ, որուն մէջ կրած է նաեւ 3 պարտութիւն եւ մէկ մենամարտ աւարտել ոչ ոքի: Ան  21-րդ անգամ յաղթեց նոկաուտով:

 

Scroll Up