Աննա Յակոբեան Զուիցերիոյ ՄԷջ Կը Հանդիպի Հայ Համայնքին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարի տիկին, «Իմ քայլը» եւ «City of smile» հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան դեկտեմբեր 12-17 աշխատանքային այցով կը մեկնի  Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն:
ինչպէս կը յայտնեն Աննա Յակոբեանի գրասենեակէն, այցի ընթացքին կը նախատեսուի Աննա Յակոբեանի հանդիպումը հայ-զուիցերական խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամներու, ինչպէս նաեւ  շարք մը բարերարներու հետ:
Աննա Յակոբեան կ’այցելէ նաեւ «Ֆրանկ Միւլլեր» գործարան, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած «Յիշողութեան լապտերներ» յուշահամալիր, Ժնեւի հայկական կեդրոնին մէջ կը հանդիպի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն:
Այցելութեան ընթացքին Աննա Յակոբեան կը մասնակցի Ժնեւի Թօփալեան վարժարանի սաներու աւարտական երեկոյին, ինչպէս նաեւ ներկայ կը գտնուի Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին նուիրուած համերգին:

 

 

Scroll Up