Մոսկուայի Մէջ Կը Տեղադրուի Շառլ Ազնաւուրի Յուշարձանը

Մոսկուայի մէջ կը  քննարկուի հեղինակաւոր հայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանի տեղադրման վայրի ընտրութեան հարցը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնպրես»-ը, վկայակոչելով «Մոսկովսկի կոմսոմոլեց»-ը, աշխարհահռչակ երգիչի երաժշտական ստեղծագործութիւնները, հնարաւոր է, շուտով հնչեն Զամոսկուորեչիէի մէջ գտնուող Մոսկուայի երաժշտութեան միջազգային տան մէջ, եթէ յուշարձանը տեղակայուի հաստատութեան բակին մէջ:

Քաղաքի իշխանութիւնները դեռեւս հարցում կ՛իրականացնեն բնակիչներու շրջանին մէջ, թէ ուր աւելի լաւ կ՛ըլլայ տեղադրել Ազնաւուրին նուիրուած յուշարձանը:

Ինչպէս պարբերականին յայտնած է ՌԴ-ի մէջ  Ջաւախահայերու միութեան նախագահ  Աղասի Արաբեան, Մոսկուայի Քաղաքային խորհուրդին մէջ հաւանութեան արժանացած է յուշարձանը մայրաքաղաքի կեդրոնը տեղադրելու միտքը: Սակայն, յուշարձանի տեսքը որոշելու համար պէտք է նախ ընտրուի համապատասխան վայրը: «Յուշարձանը պիտի պատրաստուի պրոնզէ: Քանդակը պիտի կառուցուի հայ համայնքի միջոցներով: Ազնաւուրը ողջ մանկութիւնն անցուցած է ռուսական միջավայրի մէջ, անոր ծնողները խօսած են ռուսերէն, եւ ան շատ կը սիրէր այցելել Մոսկուա: Այդ յուշարձանը կը դառնայ ռուս-ֆրանսական, ռուս-հայկական եւ, ընդհանրապէս, բազմազգ բարեկամութեան խորհրդանիշ»,- նշած է Արաբեան:

Scroll Up