Լիւսի Թիւթիւնճեանի Ցուցահանդէսը
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Տարիներէ ի վեր հետեւած եմ Լիւսի Թիւթիւնճեանին կազմակերպած ցուցահանդէսներուն եւ օրագիրի տետրակիս մէջ արձանագրած` իր յաջողութիւնները:
6 դեկտեմբերին բացումը կատարուած ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Համազգայինի իր անունը կրող սրահին մէջ, կու գայ հաստատելու, որ տիկին Լիւսիի նկարչութիւնը հասած է այն մակարդակին, որուն կը ցանկան հասնիլ բոլոր արուեստագէտները. գոյներով ստեղծել ձեւերը, բաշխել լոյսը ներկայացուցած փերսոնաժները (կերպարանքներ) եւ առարկաներու վրայ վարպետօրէն, կառուցել համադրութիւնները, պարզացնել բնութենէն առնուածը եւ շարունակել արուեստի բաժինը` հասնելու համար ապրող նկարի մը: Այսպէս ըրած են դասականները, այսպէս կ՛ընեն մինչեւ հիմա ֆիկիւրաթիւ նկարիչները:
Մինչեւ հոս մենք անդրադարձանք թեքնիք հարցերու, սակայն արուեստը կը սկսի թեքնիք հարցերէն ետք: Ցուցասրահ մտնողը անմիջապէս կը նկատէ, որ տիկին Լիւսի մեղմ ու զգայուն աշխարհ մը ունի, կ՛ընտրէ այնպիսի ներդաշնակութիւններ, որոնք կ՛արտայայտեն ազնուութիւն, քաղցրութիւն ու մեղմութիւն: Տիկին Լիւսի կը գործածէ թոն ռոմփիւ` մոխրագոյնի երանգները եւ զանոնք կը թրթռացնէ լոյսի շեշտերով:
Մենք լիացա՛նք, քաղցրացա՛նք ու բանաստեղծական պահեր ապրեցանք իր նկարներուն առջեւ:
Ի խորոց սրտէ կը շնորհաւորենք տիկին Լիւսիի ճշմարիտ նկարչութիւնը, որ հասած է կատարելութեան:
Պուրճ Համուտ
10 դեկտ. 2018
«Ազդակ»