Նաւակատիքի Պաշտամունք Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցիի Հալէպ-Սուրիա

Հայր Աստուած, մեր Հայրը որ երկինքն ես, Տէր Յիսուս, Որդի Աստուծոյ, Փրկիչ Աշխարհի, Գլուխն Եկեղեցիի, Հոգին Սուրբ Աստուած, մեր կենարար Առաջնորդը, Մխիթարիչը, Սրբացնողը, Տէրը եւ կեանք պարգեւողը, Քեզի կը նուիրենք աղօթքի այս Տունը:
17 Յունուար 2016-ին, հրթիռակոծման հետեւանքով նիւթական մեծ վնասներու կ՝ենթարկուէր Հալէպի Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին եւ փուլ կու գար կղմինտրածածկ առաստաղը:Եկեղեցիի բարեպաշտ ժողովուրդը ստիպուած, երկու տարիներ իրենց կիրակնօրեայ պաշտամունքը ունեցաւ եկեղեցիի ներքնասրահին մէջ: Հալէպն ու շրջակայքը իրենց ապահովութիւնը արդէն վերագտած են, իսկ ժողովուրդը կը փորձէ թօթափել պատերազմի հետքերն ու վերացնել սպիները:
Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ կարելի եղաւ վերականգնել Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին, ներդրումով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ զանազան նուիրատու կողմերու, հովանաւորութեամբ ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմնին, ջանքերով Հալէպի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու տեղական մարմիններուն եւ անխոնջ նուիրումով Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Համայնքապետ ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի:
Եկեղեցիի նաւակատիքը տեղի ունեցաւ Կիրակի , 2 Դեկտեմբեր 2018, ժամը 12:30-ին, ներկայութեամբ սուրիական պետական մարմիններու բարձրաստիճան ղեկավարներու, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Մրիաթեանի, Քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու համայնքապետերու եւ Իսլամ կրօնապետերու, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով Հայ Աւետ. եւ քոյր եկեղեցիներու ժողովուրդին: Այս առթիւ, յատուկ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Կեդրոնական Մարմնի ատենապետ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, եւ անդամներու, Ուրբաթ, 30 Նոյեմբերին ժամանած էին Հալէպ, եւ իրենց ներկայութեամբ եւ յորդորներով զօրակցութիւն կը յայտնէին ժողովուրդին եւ փառք կու տային կատարուած աստուածահաճոյ աշխատանքին համար:
Վեր. Յարութիւն Սելիմեան Արաբերէնով ողջունեց ներկաները , երախտագիտական խօսքեր արտայայտեց պետական մարմիններուն, իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար եւ Աստուծոյ փառք տուաւ , որ ԱՀԱԸ-ի եւ ՄԱՀԱԵ Միութեան միասնական ջանքերով կարելի եղաւ երազները իրականացնել եւ հասնիլ այս սպասուած օրին:
Պաշտամունքի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Օր. Ալին Բանոյեանի պատրաստած տեսերիզը, ապա Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան պաշտամունքի կոչը կատարեց, իսկ Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան ՝ Աստուածաշունչի ընթերցումը: Էմմանուէլ Եկեղեցիի երեք անդամներ ընթերցեցին փառաբանութեան աղօթքը: Հալէպի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միացեալ երգչախումբը, առաջնորդութեամբ Տիկ. Գայեանէ Սիմոնեան Տէրեանի , եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկ. Պէթի Հաթէմի կատարեց «Մեծ Է Հաւատարմութիւնդ», «Եկեղեցի Ընդհանրական» հոգեւոր երգերը, իսկ Տիար Արամ Խաչատուրեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեագալեանի՝ կատարեց «Եկեղեցին Հիմնեալ Է» երգը:
Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան կատարեց Բեմի Աստուածաշունչի նուիրումը, բանալով 119-րդ Սաղմոսը եւ զետեղելով զայն Հաղորդութեան Սեղանին վրայ: Նաեւ ան ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմնի ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը փոխանցեց Հալէպի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու ժողովուրդին, Սուրիահայութեան եւ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին:
Վերանուիրման պաշտամունքի պատգամաբերն էր, ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ան նախ ընդգծեց թէ՝ Եկեղեցին մարդկային կառոյց մը ըլլալէ աւելի, Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ շինուած էութիւն մըն է, կազմուած մարդոցմով եւ մարդոց մէջ: Ապա աւելցուց.-«Որպէս ժողովուրդներու մէջէն զատուած հաւաքականութիւն՝ Եկեղեցիին անդամները իւրացուցած պէտք է ըլլան զատուած ըլլալու այդ որակը, ինչ որ զիրենք կ՝առաջնորդէ տարբեր ձեւերով ապրելու իրենց կեանքերը, որոնք պիտի յատկանշուին Քրիստոսի շնորհած հաւատքով եւ զայն իրենց անձերուն մէջ աճեցներլու ջանքով»: Հուսկ Վեր. Գարակէօզեան ըսաւ.-«Հաւատքը առաջնորդուած Տէր Յիսուս Քրիստոսի սորվեցուցած սկզբունքներով, պիտի վերածուի քրիստոնավայել կեանքի, Քրիստոսի կեանքին նմանութեամբ եւ որակով, որ պիտի փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն որպէս իրաւ ժառանգորդներու, քանի որ աւանդը այդ որակն է , եւ ոչ ֆիզիքական կառոյցը կամ հարստութիւնը»:
Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ ժողովուրդին եւ պատասխանատու մարմիններուն անունով Տիար Յովիկ Գերպապեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համայնքապետին եւ իրեն յանձնեց շնորհակալական յուշանուէր մը:
Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ եւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Առաքելական օրհնութեամբ:
Պաշտամունքին յաջորդեց հիւրասիրութիւն, եկեղեցիի ներքնասրահին մէջ:
Դիւան
ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմնի
5 Դեկտ. 2018