«CHRISTMAS BAZAR» Եգիպտոսի Կոկանեան Ակումբին Մէջ

Նորակառոյց Թէքէեան սրահի նորովի տրամադրութիւններով ոգեւորուած Կոկանեան սրահի վարչութիւնը երկու տարուան ընդհատումէ ետք, այս տարի յաջողեցաւ կազմակերպել Կոկանեան ակումբին համար տարիներէ ի վեր աւանդոյթ դարձած «Christmas Bazar»ը։

Յստակ է, որ երկու տարուան այս ընդհատումը կապուած էր ակումբին մէջ տեղի ունեցող վերանորոգման աշխատանքներուն հետ, հետեւաբար, պատահական չէ՛ր երբեք, որ ո՛չ թէ երկար, այլ պարզապէս երկար թուող այս սպասումէն ետք «Կոկանեան»ի մե՜ծ ընտանիքը աւելի անհամբեր, կարօտով ու հանդիսաւոր տրամադրութեամբ դիմաւորեց աւանդական «Christmas Bazar»ը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018ին։

Միջոցառումին ներկայ էին Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. տ. Աշոտ Ս. եպսկ. Մնացականեան, Աղեքսանդրիոյ Հայոց կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գերպ. Գրիգոր Օգոստինոս Ս. եպսկ. Գուսան, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ եւ մե՜ծ բազմութիւն մը՝ մօտ 300ի հասնող համակիրներ։

Բացման արարողութիւնը կատարեց այս տարուան «Պազար»ի նախագահութիւնը ստանձնած տիկ. Ալիս Վարձպետեան-Էզզաթ։ Կարմիր, սպիտակ, կանաչ, ամանորեան հեքիաթային գոյներու եւ տօնական զարդերու մէջ դասաւորուած սեղանները ճոխ էին եւ լիառատ:

Կարճ, շատ կարճ ժամանակի ընթացքին գնողներու կողմէ կարծես «յափշտակուեցան» տնային մաքրամաքուր պայմաններու մէջ պատրաստուած, իրենց արդէն իսկ նրբաճաշակ շարուածքով ու մատուցմամբ աչքերը շլացնող աւանդական բազմատեսակ ուտեստեղէնը՝ չէօրէքը, թոփիքը, տերեւով տոլման, երշիկը, անուշ երշիկը, արմաւի անուշը, գաթան եւ ուրիշ բազմապիսի քաղցր ու աղի ուտելիքներ:

Մանուկներուն համար առանձնապէս գրաւիչ էր ամանորեան աւանդական զարդերու բաժինը՝ հրեշատակը, աստղը, ձիւնէ մարդը, զանգակը եւ յատկապէս հայերէն այբուբենով զարդարուած տօնածառը:

«Պազար»ին շուտով դատարկուող սեղաններէն ետք կարգը հասաւ այլ աւանդութեան՝ կէսօրուան որպէս հիմնական ճաշատեսակ առաջարկուած «մանթը»ին:

Անհրաժեշտ չէ՛, սակայն գերագոյն հաճոյք կը համարենք անդրադառնալ աւանդական այս «մանթը»ին ո՛չ թէ մատուցման, այլ պատրաստութեան։

Միջոցառումէն օրե՜ր առաջ սկսած այս սիրայօժար պատրաստութիւնը Կոկանեան սրահի վարչութեան ժրաջան տիկիններուն կողքին ստանձնած էին տարբեր սերունդներու՝ իրենց պատասխանատուութեամբ, պարտականութեան գիտակցութեամբ ու նուիրումով հիասքա՜նչ տիկիններ, մայրեր եւ քոյրեր:

Նորութիւն մը չէ՛ր ասիկա, մի՛շտ այսպէս եղած, այսպէս շարունակուած ու փաստօրէն դեռ այսպէս ալ է այս երեւոյթը:

Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչը կրնար ստիպել այս տիկինները ինքնակամ հաւաքուելու եւ «շատ համով» ըլլալու համար պատրաստման յատուկ հմտութիւն պահանջող «մանթը»ին վրայ աշխատելու:

Աշխատիլ մանրակրկիտ՝ գործը տիկիններուն կարողութիւններուն եւ փորձառութեանց համեմատ հաւասարապէս բաժնելով:

Աշխատիլ ուրախ, երգով ու ժպիտով:

Աշխատիլ սիրո՜ղ:

Ի՞նչը կրնար ստիպել զանոնք թերեւս ամբողջ օր մը դիմանալու երկա՜ր ժամեր տեւող այս «յոգնութեան»:

Վայրկեաններու մէջ լափուող ճաշէն ետք ըսուող, երբեմն ալ չըսուող «ձեռքերուդ դալա՞ր»ը  կամ «շատ համո՞վ էր»ը:

Ո՛չ, անկասկած։

Չթելադրուող, անբացատրելի ներքին ինքնագիտակցութիւն մըն է ասիկա, պարզապէս գտնուող կամ չգտնուող:

Աւանդական «Պազար»ին յաջորդող  աւանդական «մանթը»ին  ա՛յս պատրաստութիւնն է, իսկութեան մէջ, աւանդոյթներուն ամենաիրականը եւ գեղեցկագոյնը:

Մէկընդմէջ յայտնուող Դեկտեմբերի հաճելի արեւին տակ, Կոկանեան պարտէզին մէջ նստած համակիրները բարի՜ ախորժակով կերան ու գովաբանեցին կէսօրուան ճաշը։

Վերջապէս, ի՞նչպէս կրնար «համով» չըլլալ ո՛չ միայն բազում մայրերու ձեռքերով, այլեւ բազո՜ւմ սրտերու անկշի՛ռ սիրով պատրաստուած այդ «մանթը»ն:

Անցա՛ւ ու դալա՜ր մնան ձեր սրտերն ու ձեռքերը, մեր անգին մայրեր:

Ձեր սխրանքով կը գոյատեւեն արժէքները՝ բարի եւ գեղեցիկ:

Շնորհակալութիւն Կոկանեան սրահի վարչութեան անդամներուն եւ առանձնապէս տիկիններուն:

Նորանոր աւանդոյթներու մաղթանքով։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

Scroll Up