Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպումը Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին ­պաշտ­պա­նու­թեան փոխնա­խա­րարին հետ

Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին ­պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 29 Նո­յեմ­բեր 2018ին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը ներ­կա­յաց­նող ե­ռան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին ­պաշտ­պա­նու­թեան փոխնա­խա­րար տի­կին ­Մա­րիա ­Քո­լիա-­Ցա­րու­խա­սի հետ։ ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նար ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեա­նէ եւ ան­դամ­ներ ըն­կեր­ներ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեանէ եւ ­Յա­կոբ ­Յո­վա­կի­մեա­նէ։ Այս մասին կը յայտնէ «Ազատ Օր»-ը:
Փոխ-նա­խա­րա­րու­հիի ու­շադ­րու­թեան յանձ­նո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի հայ­կա­կան գա­ղու­թին, ինչ­պէս նաեւ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներն ու ակն­կա­լիք­նե­րը։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ տա­րի­նե­րէ ի վեր շա­րու­նա­կո­ւող ­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձր մա­կար­դա­կին հա­մար։ ­Ման­րա­մաս­նօ­րէն քննար­կո­ւե­ցան նաեւ ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցեր։ ­Տի­կին Մա­րիա ­Քո­լիա-­Ցա­րու­խա իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Փ. ­Քա­մէ­նո­սի ­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձր ո­գին՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ։

Scroll Up