« Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը Նիկոսիա,Կիպրոս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/12/Launching-nicosia-6-300x225.jpg)
Կազմակերպութեամբ` Կիպրոսի Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, տեղի ունեցաւ դոկտ.Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը՝ուրբաթ նոյեմբեր 30, 2018ին, Իւթիւճեան սրահին մէջ՝ Նիկոսիա։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ՝Գերշ.Տ.Խորէն Արք. Տողրամաճեան, եւ կը նախագահէր պրն.Վարդգէս Մահտեսեանը՝ Կիպրահայ Պետական ներկայացուցիչը։ Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը:
Սրբազան Հայրը բացումը կատարեց եւ հանդիսավարեց երեկոն։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան գիրքին հեղինակը։ Իր խօսքին մէջ Սրբազանը ըսաւ թէ «բոլոր յօդուածները Հրայրի աչքով,սրտով եւ հոգիի պրիսմակէն դիտուած գրութիւններ են։ Այնպէս ինչպէս գիրքին անունը շատերս ալ զինք կը ճանչնանք մեր սեպհական ապրումներով եւ համոզումներով։ Իր յօդուածները լոյս տեսած են սփիւռքի զանազան թերթերուն մէջ»։ Ապա անդրադառնալով գիրքի բովանդակութեան եւ խմբագրութեան, Սրբազանը յիշեց նաեւ խմբագիր դոկտ. Արտան, որ նեցուկ կանգնած էր ոչ միայն հրատարակչական- խմբագրական աշխատանքին այլեւ ներշնչման եւ գիրքի հրատարակութեան յաջողութեան համար։ Սրբազանը նաեւ յիշեց, որ հեղինակին գիրքը կը յիշեցնէ հայ գրականութեան ծառայող այլ վիթխարի անուններ, որոնք «հայու բեկորներ»ու մասին գրած են։ Եւ եզրաբակելով, Սրբազանը հաստատեց ընդունուած այն ճշմարտութիւնը, թէ «խօսքը կը թռչի եւ գիրը կը մնայ»։ Ան յիշեց նաեւ թէ Հրայր Ճէպէճեան ամէն մակարդակներու վրայ հանդիպելով աշխարհական թէ եկեղեցական անձնաւորութիւններու իր գրութիւնները կը շօշափեն բոլոր բազկերակները եւ մարդկային դասակարգի բոլոր բնագաւառները։
Գիրքը ներկայացուց պրն.Շահան Գանտահարեան՝Պէյրութի Ազդակ օրաթերթի գլխաւոր տնօրէն եւ խմբագիր, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Կիպրոս այս ելոյթին համար։
Պրն.Գանտահարեան մատնանշեց, թէ Հրայր Ճէպէճեանի այս երկրորդ հատորի խորագիրը ինքնին ամբողջական բանաձեւումն է բովանդակութեան առանցքներուն։ «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ. Այո բոլոր պատումները կը վերաբերին Սփիւռքին, սփիւռքահայ կեանքերուն. Անոնք կեանքեր են՝ ապրուած ու ապրող կեանքեր, որոնք կը բնութագրեն պատմութեան ճակատագրորոշ իրադարձութիւններու ձգած ազդեցութիւնը տարբեր սերունդներու, ինչպէս մարդկային այնպէս նաեւ ազգային կերտուածքներուն վրայ։ Տագնապներ, ձգտումներ, հայկականութիւնը պահելու ապրումներ, ճիգեր, մտահգութիւններ անձկութիւններ եւ մանաւանդ յոյսեր։ Անոնք բոլորն ալ ներկայացուած են ոչ միայն իբրեւ պատումներ կամ պատմուածքներ այլ այս անգամ խորագրին երկրորդ մասը նկատի ունենալով, ինչպէս որ Հրայր Ճէպէճեան ընկալած է զանոնք»։Եւ ակնարկելով Հայաստանի եւ հայրենիքի գործընթացքին վրայով՝ ըսաւ նաեւ պրն.Գանտահարեան։ «Հրայր Ճէպէճեանի ներկայացուցած հայկական ընդլայնուած աշխարհագրութեան մէջ տարածուած հայու կերպարները Հայաստանը մեզի համար տուն է յայտարարելով կ´ընդգծեն անկախ պետականութեան գոյութեան սփիւռքահայուն վրայ ունեցած ազդեցութիւնը եւ նորովի ըմբռնումը՝ ազգային, հայրենական եւ քաղաքացիական պատկանելիութեան»։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ մանկավարժ,տնօրէն եւ ներկայիս Կիպրոսի Նարեկ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ եւ նաեւ գեղանկարիչ՝ պրն.Վարդան Թաշճեան, որուն գեղանկարչական գործերէն մէկն է գիրքին կողքի նկարը։Ան ըսաւ, « Այս գիրքը յուշագրութիւն մըն է,որ ներկան եւ անցեալը կամրջող ճամբայ մը ունի։ Յուշագրութիւն՝հայրենասիրական պատգամով։ Ամէն ինչ,վայր,դէմք,պատահար,ընթերցողը կը մղէ հայութեան,անոր արմատներուն,իրաւունքներուն,դատին,պայքարին,ամէն քարի տակէն բոյս մը գտնելու պէս։ Հեղինակը պատմութիւնը կը պատմէ,նիւթը սակայն ճարտարօրէն շաղկապելով հայութեան ապագային,մտահոգութիւններուն,պարտաւորութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն հետ»։ Պրն, Թաշճեան իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ,«Հրայր Ճէպէճեան ինչ նիւթի մասին որ կը խօսի,քիչ մը փիլիսոփայութիւն, քիչ մը մարդակերտում, քիչ մը վերլուծում, քիչ մը գաղափարախօսութիւն,միշտ ալ վերադարձ կը կատարէ հայու արմատներուն,դէմ է ձուլումին,այլասերումին եւ շարունակ կը ձգտի ազգային,կրօնական,քրիստոնէական ինքնութեան պահապանումին»։
Ապա խօսք առաւ գիրքի խմբագիր դոկտ.Արտա ճէպէճեան, որ ըսաւ։« Հրայրին իւրաքանչիւր յօդուածը ազգագրական փաստաթուղթ մըն է,որ կը փաստէ ոչ միայն հայուն ներկայութիւնը աշխարհի հինգ ցամաքամասերու վրայ,այլ նաեւ կը փաստէ հայուն գոյատեւելու պայքարը, ինքզինք գերազանցելու անխոնջ աշխատանքը,քրիստոնէական հաւատքը պահելու խանդը եւ ազգային դիմագիծը պահպանելու մարմաջը,եւ Հրայրը իսկապէս սփիւռքահայ կեանքերը այսպէս տեսաւ,ուր որ ալ գնաց»։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ գիրքի հեղինակ՝դոկտ.Հրայր Ճէպէճեանը։ Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր,պետական ներկայացուցիչին ու տակաւին բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով օժանդակեցին ձեռնարկին ու գիրքին ծանօթացումին մէջ։ Հրայր ճէպէճեան ապա ներկայացուց պատառիկներ իր ճանապարհորդութիւններէն։« Մենք հայապահպանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք,իւրաքանչիւր գաղութ մէկ ճակատամարտ է հայապահպանումի մեծ պատերազմին մէջ։ Ճիշդ է որ շատ զոհեր կը խլէ այս հայապահպանումի պատերազմը՝բայց եւ այնպէս պիտի շարունակենք առանց յուսահատելու» ըսաւ ան, ակնարկելով գիրքին կողքի նկարին եւ անոր մէջտեղի ծառի իրականութեան՝ ըսաւ,« Այս ծառը՝մեր հայկական ինքնութիւնը՝պէտք է միշտ դալար պահենք։ Ու տակաւին պիտի հաւատանք՝թէ օր մը զայն դարձեալ պիտի ցանենք մեր պապենական հողին վրայ» եզրափակեց Հրայր Ճէպէճեան։
Շնորհահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքին օրհնութիւն-արարողութիւնը եւ գինեձօն առաջնորդութեամբ՝ Սրբազան Հօր եւ նաեւ աջակցութեամբ՝ Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մոմիկ Քհն.Հապէշեանի։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Սրբազան հօր պահպանիչով եւ որմէ ետք տեղի ունեցաւ գիրքին մակագրութիւնը։