«Հայ Դպրոց» Հիմնարկը 34 Ծրագիրներ Կ՛իրականացնէ Իր Գործունէութեան 15 Տարիներուն Ընթացքին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/12/0000ASF-15th-anniversary-Gala-1.jpg)
Միացեալ Նահանգներու «Հայ Դպրոց» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի, որ կը հանդիսանայ իր գործունէութեան 15րդ տարին, կարելի եղած է յաջողութեամբ շարունակել Հայաստանի եւ Արցախի գիւղական շրջաններու վարժարաններուն կահկարասիներ տրամադրելու աշխատանքը՝ 34 ծրագիրներ ամբողջացնելով, որոնց շնորհիւ աշակերտները աւելի լաւ պայմաններու մէջ կրթութիւն պիտի ստանան։
2003էն ի վեր, շնորհիւ կազմակերպութեան նուիրատուներուն տրամադրած առաւել քան մէկ միլիոն տոլարի աջակցութեան, «Հայ Դպրոց»ը օգտնութեան հասած է մօտաւորապէս 26,000 աշակերտներու եւ 325 վաժարաններու։
Այս տուեալներով, 2018 տարեշրջանը հանդիսացած է հիմնարկի գործունէութեան ամէնէն արդիւնաբեր տարիներէն մէկը, շնորհիւ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն նուիրատուութեանց եւ «Թամպերչի» հիմնարկէն յատկացուած առատաձեռն նուէրին, որ տրամադրուեցաւ յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով:
«Հայ Դպրոց» հիմնարկին գործունէութեան 15րդ ամեակին առիթով՝ 17 Մարտին տեղի ունեցած էր շքեղ տօնակատարութիւն մը, մասնակցութեամբ բարձրաստիճան կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարներու, իսկ անոր ընթացքին մեծարուած է «Թամպերչի» հիմնարկէն Թոնի Թամպերչին, յուշանուէր մը ստանալով «Հայ Դպրոց» հիմնարկի վարչութեան ատենապետուհի Մոնէ Տէր Գրիգորեան:
Մարդասիրական սպասարկութիւններ մատուցող այս կազմակերպութիւնը այս տարուան ընթացքին դպրոցական 840 նստարան-գրասեղաններ հասցուցած է Հայաստան եւ Արցախ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու յատուկ 178ական գրասեղաններ եւ աթոռներ ու 218 գրատախտակներ, 40 գրադարաններ, վերարկուներու 174 պահարաններ եւ մանկապարտէզի աշակերտներու յատուկ 26 նստարան-գրասեղաններ:
Յատկաշնական է, որ նուիրուած կահկարասիները արտադրուած են Հայաստանի Արմաւիր մարզին մէջ։
Վերոնշեալները յանձնուած են հետեւեալ վարժարաններուն.
– Նոր Հաճընի երկրորդական վարժարան, Կոտայքի մարզ.
– «Սվերդոլվ» երկրորդական վարժարան, Լոռի.
– Եղվարդի երկրորդական վարժարան, Սիւնիք.
– Սուրէնաւան երկրորդական վարժարան, Արարատ.
– Բաղանիսի երկրորդական վարժարան, Տաւուշ.
– Կողբի թիւ 2 երկրորդական վարժարան, Տաւուշ.
– Տաթեւի երկրորդական վարժարան, Սիւնիք.
– Տոլորսի երկրորդական վարժարան, Սիւնիք.
– Նորաշէնի երկրորդական վարժարան, Տաւուշ.
– Նավուրի երկրորդական վարժարան, Տաւուշ.
– Հացաւանի երկրորդական վարժարան, Սիւնիք.
– Տեղի մանկամսուր, Սիւնիք.
– Կոթիի մանկամսուր, Տաւուշ.
– Զարի նախակրթարան-միջնակարգ, Շահումեան.
– Նոր Էրքէջի երկրորդական վարժարան, Շահումեան.
– Դադիվանքի երկրորդական վարժարան, Շահումեան.
– Հովսատաղի նախակրթարան-միջնակարգ վարժարան, Շահումեան.
– Զվարի երկրորդական վարժարան, Շահումեան.
– Չարեքտարի երկրորդական վարժարան, Շահումեան.
– Լանջաբլուրի երկրորդական վարժարան, Գեղարգունիք.
– Աղիտուի նախակրթարան-միջնակարգ վարժարան, Սիւնիք.
– Գանձաքարի երկրորդական վարժարան, Տաւուշ.
– Գորիսի թիւ 3 երկրորդական վարժարան, Սիւնիք.
– Դարպասի երկրորդական վարժարան, Սիւնիք.
– Արտաշաւանի երկրորդական վարժարան, Արագածոտն.
– Արեւածագի երկրորդական վարժարան, Լոռի.
– Բազմաղբիւրի երկրորդական վարժարան, Արագածոտն.
– Գառնի-Բանաւանի նախակրթարան-միջնակարգ վարժարան, Կոտայք.
– Գեղակերտի մանկամասուր, Արմաւիր.
– Աղրլիճի մանկամասուր, Լոռի.
– Ծաղկաբեր մանկամասուր, Լոռի.
– Արմաւիրի Երեխայի զարգացման կեդրոն, Արմաւիր.
– Գիւմրիի թիւ 21 նախակրթարան-միջնակարգ վարժարան, Շիրակ.
– Հայրենեացի երկրորդական վարժարան, Շիրակ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութիւններ կատարելու համար, կարելի է դիմել հիմնարկին՝ (747) 240-0055 թիւով եւ info@armeniaschoolfoundation.org հասցէով, կամ այցելել
www.armeniaschoolfoundation.org կայքը: