Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Ատրպէյճանի Մէջ Ամերիկայի Դեսպանին Վաւերացման Քուէարկութեան Յետաձգումը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանի թեկնածու՝ Ըրլ Լիցընպըրկըրի նշանակումը վաւերացնելու հարցին շուրջ քուէարկութեան յետաձգումը՝ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ, յատկապէս նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի վերջին յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերէին Ատրպէյճանին ամերիկեան զէնքեր ծախելու հաւականութեան, հակառակ Պաքուի կողմէ շարունակուող յարձակողապաշտ քաղաքականութեան։
Լիցընպըրկըր Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու պաշտօնին Թրամփի առաջարկած 19 թեկնածուներէն միակն է, որուն վաւերացումը որոշուեցաւ յետաձգել:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաւանական կը նկատէ, որ դեսպանին նշանակման վաւերացման կամ մերժումին շուրջ քուէարկութիւնը տեղի ունենայ 2019-ի սկիզբը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը շեշտէ, թէ յետաձգումը առիթ պիտի ընծայէ յաւելեալ յստակացումներ ապահովելու դեսպանին դիրքորոշումիներուն նկատմամբ, յատկապէս երբ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի ի նպաստ կողմանկցութեան նշանները աւելի յստակ կը դառնան։ Ան կ՛աւեցնէ, թէ Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ Պաքուի յարձակողապաշտ քայլերուն դէմ դնելու ամերիկեան քայլերուն մասին յաւելեալ երաշխիքներ պէտք են։
Նշենք, որ 4 Հոկտեմբերին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին, Նիւ Ճըրզիէն ծերակուտական Պապ Մենենտեզ Լիցընպըրկըրին հարցուցած էր «նախագահ Ալիեւի ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ յարձակողապաշտ պոռթկումներ»ուն մասին, որուն շնորհիւ դեսպանի պաշտօնին թեկնածուն խոստացած էր «յորդորել Ատրպէյճանի կառավարութիւնը՝ հրաժարելու շփման գիծի երկայնքին իրավիճակի կայունութեան սպառնացող վտանգաւոր կեցուածքէ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգները պէ՞տք է կրճատէ ապահովական ոլորտին մէջ օգնութիւններ՝ Ատրպէյճանին, նկատի ունենալով այդ երկրին մէջ շարունակուղ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումները՝ դեսպանի թեկնածուն խոստացած էր, թէ Ուաշինկթըն «շատ զգոյշ պիտի ըլլայ, որ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւնը որեւէ ձեւով վնաս չհասցնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն»:
Թեկնածուն նաեւ վստահեցուցած էր, որ ապահովութեան մարզին մէջ օգնութիւններուն մաս պիտի կազմեն յատուկ դասընթացքներ՝ մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ:
4 Հոկտեմբերի նիստէն ետք, ծերակուտականներ Մենենտեզ եւ Էտ Մարքին նաեւ գրաւոր հարցումներ ուղղած էին դեսպանի թեկնածուին եւ ծերակուտականները տակաւին առիթ ունին յաւելեալ հարցումներ տալու, յստակացնելու համար յատկապէս Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին ամերիկեան զէնքեր վաճառելու մասին Պոլթընի առաջարկները: